Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Շաբաթաթերթ

Array

Տրապիզոնի հաւաքին Էրտողանի ելոյթի ժամանակ մասնակիցները «Հայ բիճեր» վանկարկած են

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Տրապիզոնի հանրահաւաքին ունեցած ելոյթի ժամանակ մասնակիցները հայերուհասցէին վիրաւորական վանկարկումներ ըրած են: Այս մասին կը գրէ թրքական «Haber.sol.org» լրատուակայքը, նշելով, որ անոնք հայերուն կոչած են «բիճեր»:

Էրտողան իր իր ելոյթին մէջ յայտարարած է.«Յիշեցէք, թէ ինչ կ’ըսէի ձեզ: Օր մը պիտի մեռնինք, չէ՞: Բայց կայ մարդու պէս մեռնիլ, եւ կայ «մատամ»ի պէս մեռնիլ»:

Էրտողանի այս խօսքերուն ուղեկցուած են հանրութեան «Հայ բիճերը մեզ չեն վախցներ» վանկարկումները: Կը նշուի, որ Էրտողան չէ փորձած դադարեցնել այս աղաղակները, աւելին, ան քիթին տակէն ծիծաղելով շարունակած է իր ելոյթը:

Նշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (TBMM) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ հանրահաւաքի ժամանակ հնչած այդ ազգայնամոլ վանկարկումներուն համար Էրտողանի դէմ դատական հայց  պիտի ներկայացէ:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ