Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպը. Յակոբ Մարտիրոսեան

Տագնապալի օրեր կ՚ապրի այսօր Հալէպը և մանաւանդ մեզ աւելի հետաքրքրող՝ հալէպահայութիւնը: Մինչև այսօր, մօտ 250 հայ զոհեր եղած են այնտեղ, ռմբահարումներու, արկածներու և արձակուած փամփուշտներու հետեւանքով: Յիսնամեակ մը առաջ 100-200 հազար հաշուող հայաշատ գաղութ մը այսօր հազիւ կը հաշուէ 10 հազար հայ բնակիչ, որոնք այլևայլ պարագաներով և պատճառներով չեն հեռանար անկէ: Վերջին օրերուն տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն հետեւանքով Հալէպահայութիւնը մատնուած է անել կացութեան, որոշելու համար, թողուլ հեռանա՞լ, թէ ամուր կառչիլ իր տան, եկեղեցիին, դպրոցին և ապրուստի աղբիւրին….. ի գին իր կեանքին: Արտաքին աշխարհի համար հեշտ են մխիթարական, խրատական և ցուցմունքներու տարափի հոսքը հասցնել հալէպահայերուն, որովհետեւ՝ արտաքին աշխարհը չ՚ապրիր այնտեղ և չի զգար հալէպահայուն պարագան, կացութիւնն ու մտայնութիւնը: Իսկ՝ առիթէն օգտուելով, կարգ մը շահարկումներու առիթ ընծայելը այս պարագային, բոլորովին անընդունելի է և խիստ դատապարտելի:

Հալէպահայութեան 100-ամեայ բնակավայրը, որ կոչուեցաւ հայ գաղթաշխարհի երկրորդ հայրենիքը, ապաստանարան և կեանք տուաւ հայ ազգի բեկորներուն: Սակայն, այսօր, այլևս ան կորսնցուցած է իր հմայքն ու դիրքը սփիւռքի մէջ, նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած 6 տարիներու ներքին և արտաքին ռազմական դաւադրութիւններն ու միջամտութիւնները, որոնք կործանեցին Սուրիոյ համայն ժողովուրդը և տնտեսութիւնը, տափարակ աւերակներու վերածելով երկիրը:

Այժմ, Սուրիոյ արաբ և այլ փոքրամասնութիւններու ժողովուրդներ միլիոնաւոր թիւերով կը լքեն իրենց հայրենիքն ու ծննդավայրը, փախչելու համար անորոշ հորիզոններ, յուսալով աւելի ապահով կեանք մը։ Հակառակ մնալու կամքին եւ կրած տանջանքներուն և դժուարութիւններուն,  հալէպահայութիւնը ևս, կրնայ նոյնը ընել, եթէ փափաքի, իսկ փափաքողին համար կան ճանապարհներ և օգնութիւն: Հայաստանի ժողովուրդը և արտասահմանի հայ համայնքները միշտ պատրաստակամութիւն ցոյց տուած են այդ ուղղութեամբ և մինչև այսօր պատրաստ են օգնելու որևէ միջոցով:

Սփիւռքի մէջ, եթէ ՀԲԸՄ-ի, SARF-ի (Սուրիահայ Օգնութեան Հիմնադրամ), եկեղեցիներու, դպրոցներու շրջանաւարտից միութիւններու և այլ զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու օգնութիւնները հասանելի չեն տուժած ընտանիքներուն և անհատներուն, ապա կարելի է անհատական այլ միջոցներով կապ հաստատել եւ ձեռք երկարել:

Շատեր արդէն տեղեակ են, թէ սփիւռքի մէջ, մանաւանդ՝ Ամերիկայի, Քանատայի, Եւրոպայի և այլ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին վերոյիշեալ կազմակերպութիւնները, որոնց հիմնական նպատակն է նիւթական միջոցներով իրենց յաճախած վարժարաններուն, հաստատութիւններուն և միութիւններուն օգտակար հանդիսանալ: Այդ բարեսիրական հաստատութիւններու անունները արդէն գրանցուած և յայտնի են կայքէջներով և հայկական աղբիւրներով:

Հիմա՝ որոշումը կը մնայ հալէպահայուն կամքին:

 

Յակոբ Մարտիրոսեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ