Հոկտեմբերի անցնող շաբաթը գերյագեցած էր ազգային ամենատարբեր միջոցառումներով, գաղութային արդէն սովորական դարձած ամենօրեայ մէկէ աւելի հրապարակային, ուշագրաւ եւ շնորհաւորելի հանդիսութիւններով, հաւաքներով, քաղաքական, մշակութային, կրթական, եկեղեցական եւ հասարակական զանազան գործունէութիւններով։
Անցնող շաբաթը ինչպէ՞ս չկարեւորել, երբ համայն հայութիւնը նշեց Սրբոց Թարգմանչացը։ Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի նոյնքան սուրբ Այբուբենը, կը շարունակէ մնալ մեր թիւ մէկ զէնքն ու վահանը հայապահպանութեան։
Ինչպէ՞ս չյիշենք մեր բոլորին սերելի Էրեբունի-Երեւանի 2798-րդ տարեդարձը, որ ինչպէս ամէն տարի, Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կը նշուի բարձր մակարդակով եւ բարձր տրամադրութիւններով։
Հայաստանեան քաղաքական կեանքէն ներս, Հոկտեմբերի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն ընթացքին եղան ոչ այնքան թափանցիկ ընտրութիւններ։ Գիւմրին եւ Վանաձորը այդքան ալ առողջ դուրս չեկան այդ ընտրութիւններէն։ ԺողովրդաՎԱՐութի՞ւն թէ՝ ժողովրդաՎԱՌութիւն։ Երկար է ճամբան եւ փշոտ…
Լոսանճելըսահայ կեանքէն ներս Հոկտեմբերը օրհնաբեր եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութեամբ եւ անոր գահակալութեան 20-ամեակի նշումով։
Հոկտեմբերը դժբախտաբար նոր հայ զոհեր արձանագրեց Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։ Կարծէք թմբիրի մէջ էինք մտած ու դարձեալ արթնցանք։ Ի՞նչ ընել, ո՞րն է ճիշդը։ Գաղթե՞ն թէ՝ չգաղթեն, ժամանակաւո՞ր թէ՝ մշտական։ Ո՞վ ունի պատասխանը։ Ոչ ոք։ Եւ լոսանճելըսահայութիւնն ու ՍԱՐՖ-ը Երկուշաբթի երեկոյ անգամ մը եւս գործի անցան։ Հայրենի՞ք տեղափոխել սուրիահայերը, Լիբանա՞ն, թէ այլ վայր. գործակցիլ եւ համագործակցիլ բոլորին հետ։
Հոկտեմբեր ամիսը նշանաւորուեցաւ նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 95-ամեակի տօնակատարութեամբ եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Սերխիօ Նահապետեանի Լոս Անճելըս ժամանումով։ Կիրակի, Հոկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, ուր ՌԱԿ անգամ մը եւս իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայութեան գերագոյն նպատակներուն՝ Հայ Դատի մասնիկը հանդիսացող Արցախի պահպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրութեան։
Արդարեւ, այո՛, իսկապէս գերյագեցած շաբաթ մը…
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ