Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան այցելեց Լոս Անճելըս

Ալթատինա, 11 Հոկտեմբեր, 2016.- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով, Հոկտեմբեր 6-11 պաշտօնական այցելութամբ մը կը գտնուէր Լոս Անճելըս, մասնակից դառնալու համար ՌԱԿ-ի 95-րդ տարեդարձի հանդիսութեան։

Կեցութեան ընթացքին Ընկ. Նահապետեան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ ազգային եւ տեղական քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, միշտ ուղեկցութեամբ հիւրընկալ՝ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի եւ վարչութեան ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ։

Հոկտեմբեր 6-ին ՌԱԿ-ի արժանթինահայ ղեկավարը այցելեց Կլենտէյլի քաղաքապետարան եւ հիւրընկալուեցաւ քաղաքապետուհի Փաօլա Տիվայնի կողմէ։ Յաջորդ օրը Նահապետեան եւ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Լոս Անճելըսի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցան Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի հետ։ Նոյն օրը երկրորդ հանդիպում մը՝ Փասատինա քաղաքի քաղաքագլուխ Թերի Թորնէքի հետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8-ին, ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը տեսակցեցաւ Հայաստանեայց  Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ, Պըրպէնքի Առաջնորդարանին մէջ, ներկայութեամբ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի։ Ապա, Ընկ. Նահապետեան պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեց Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւն եւ հանդիպեցաւ հիւպատոսութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 9-ին Ընկ. Նահապետեան ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, իսկ նոյն օրը երեկոյեան՝ Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ մասնակցեցաւ ՌԱԿ-ի 95-րդ տարեդարձի ճաշկերոյթ-հանդիսութեան՝ փոխանցելով իր խօսքը։ Անոր ելոյթը իր պարզութեան մէջ խիզախ էր ու համարձակ, իր բոլոր երեսակներով՝ միջազգային, ներազգային եւ ներկուսակցական առումով։ Ներկայ էին գաղութի քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հոգեւորական դասը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ին, Ընկ. Նահապետեան պաշտօնական իր հանդիպումները աւարտեց Կլենտէյլի մէջ, տեսակցելով քաղաքային խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեանի, Զարեհ Սինանեանի եւ Վարդան Կարապետեանի հետ։

Ընկեր Նահապետեան իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին արծարծեց ազգային մեր ներկայի խնդիրները, սփիւռքահայու իրաւունքները, սուրիահայութեան ծանր պարագան, ինչպէս նաեւ կարեւորեց Հայաստանի տեղն ու դերը միջազգային գետնի վրայ։ Ան ջատագովը հանդիսացաւ Արցախի քաջարի ժողովուրդին արդար դատին, եւ ամէն անգամ չբաւարարուելով Արցախի ճանաչումով, ան մղեց պետական անձնաւորութիւնները, որպէսզի օժանդակեն Ղարաբաղի հայութեան ինքնորոշման եւ ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքին։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը վերջերս պաշտօնական այցով կը գտնուէր Հայաստան եւ Արցախ, եւ իրեն հետ բերած էր հերոսական Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան կրակը։

Ընկ. Նահապետեան Լոս Անճելըս իր կեցութեան ընթացքին կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան, կուսակցական ընկերներու,  ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի պատասխանատուներու հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11-ին յարգելի հիւրը վերադարձաւ Արժանթին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ