Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի 95-ամեակի տօնակատարութիւնը վերանորոգեց ժողովուրդին եւ հայրենիքին նուիրուելու սուրբ ուխտը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պանծալի 95-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի։

Շնորհաւորական սրտաբուխ խօսքերով ելոյթ ունեցան Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ՀՀ հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեան, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս (Արտի) Քասախեան։ Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին նաեւ Փասատինայէն՝ նահանգային Ծերակոյտի ընտրութեան թեկնածու Էնթընի Փորթանթինօ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեան,  ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ՝ Գրիգոր Խոտանեան եւ անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ ԿԿ քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան , ՀԲԸՄ-ի փոխ նախագահ Սինան Սինանեան, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ափի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետուհի՝ Տիկ. Թալին Եագուպեան, Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Արեւմտեան թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Ժոզէֆ Կանիմեան, Տոքթ. եւ Տիկ. Յակոբ Այնթապլեաններ։ Ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի, հայրենակցական միութիւններու, Պոլսահայ, Իրանահայ, Իրաքահայ, Հայ Իրաւաբաններու միութիւններու, Արարատ Տան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Մարմնի եւ Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչներ, ամերիկահայ մամուլի խմբագիրներ, կուսակցական ընկերուհիներ եւ ընկերներ։

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քհնյ. Փեթոյեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկան հանդիսավարներ իրաւաբան Ընկ.հի Թամար Փոլատեան՝ անգլերէն եւ ընկեր Հրաչ Սեփեթճեան՝ հայերէն լեզուներով, ողջունելով հիւրերը եւ փոխանցելով 95-ամեակին առիթով իրենց պատգամը։

Սրտի խօսք արտասանեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (խօսքը՝ յաջորդիւ)։ Ան, արժեւորեց ՌԱԿ-ի անցեալն ու ներկան, շեշտելով «Հայրենիքի հետ եւ հայրենիքի համար» ՌԱԿ-եան սկզբունքները, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ վաղը։

Տպաւորիչ էր նորընտիր ատենապետին՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին ելոյթը։ Անոր թափանցիկ խօսքը, ազնուութիւնն ու բարեկամեցողութիւնը՝ ուշադրութիւնը գրաւեց բոլոր ներկաներուն։ Իսկ Արցախի եւ Հայաստանի համար անոր վճռորոշ կեցուածքը, հայ ժողովուրդին այսօրը պահելու պահանջքը, ան դասեց ամէն բանէ վեր։ Սուրիահայութիւնը, Սփիւռքը ընդհանրապէս իր հոգերով կը մնան ՌԱԿ-ի ուշադրութեան կեդրոնը, սակայն հայրենիքի պաշտպանութիւնը գերիվեր է ամէն տեսակի հարցերէ, տարբերութիւններէ ու գաղափարախօսութիւններէ։ (Ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի ելոյթը՝ յաջորդիւ)։

Փակման խօսքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան վեր առաւ ՌԱԿ-ի հայրենասիրական ամբողջական նուիրումը եւ ծառայութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին։ Հայութեան միասնականութեան ոգին շեշտելով, Յովնան Արքեպիսկոպոս արթնութեան հրաւիրեց մեր ազգի զաւակները, որպէսզի յաջողութեամբ դիմագրաւենք ներկայի մարտահրաւէրները։

ՌԱԿ-ի 95-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորագիր յանձնեց Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան շնորհաւորական գիրերը քոնկրէսմէն Ատամ Շիֆի,  սենաթոր Ճուտի Չուի, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ՝ Մայքլ Անթոնովիչի,Կլենտէյլի քաղաքապետուհի Փաուլա Տիվայնի եւ Քալիֆորնիոյ Խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանի։

Նշենք, որ շնորհաւորական գիրեր ուղարկուած էին նաեւ ՌԱԿ-ի տարբեր շրջանակներէ։ Այս առիթով, «Նոր Օր» պաշտօնաթերթը հրատարակած էր յատուկ թիւ մը, որ հրապարակուեցաւ այդ երեկոյ։

Իրենց խանդավառ ու հայրենասիրական երգերով հանդիսութիւն-ընթրիքը ծաղկեցուցին գաղութիս հանրայայտ երգիչներ Գագիկ Բադալեան, Սալբի Մայիլեան եւ ընկեր Դաւիթ Սամուէլեան։ Արամ Լեփեճեան՝ երգեհոնով եւ Յովիկ Մեղրիկեան՝ ջութակով, նոյնպէս փայլք տուին երեկոյին։

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ։ ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու պատասխանատու ընկերներու ներկայութեան 95-ամեակի կարկանդակը հատեցին ընկերներ Նահապետեան եւ Պալեան։

Շնորհակալութիւն օրուան գլխաւոր հովանաւոր ընկերուհի Անի Սարգիսեանին, որ ստանձնած էր ճաշի սպասարկութիւնը։ Շորհակալութիւն անուշավաճառ «Վրէժ»ին՝ տօնական կարկանդակին համար, իսկ ՌԱԿ-ի կպչուն զարդերը նուէրն էին Տէր եւ Տիկ. Արա Ասիլեաններուն։ «Նոր Օր»ի ՌԱԿ-ի 95-ամեակի յատուկ թիւին համակարգչային իրագործումը կը պարտինք Ընկ. Ստեփան Փարթամեանին։ Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս առիթով կատարեցին եւ պիտի կատարեն սրտաբուխ նուիրատուութիւններ «Նոր Օր»ի բարգաւաճեան հիմնադրամին։ Շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնց շնորհիւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ այդ երեկոն, ինչպէս՝ տիկին Մայտա Ալթունեանին, ընկեր Անդրանիկ Հայկեանին եւ ընկեր Յակոբ Մարտիրոսեանին։ Շնորհակալութիւն Շրջանային Վարչութեան բոլոր անդամներուն եւ բարի երթ ՌԱԿ-ին՝ դէպի հարիւրամեակ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ