Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրք մամուլին արձագանգները. Սարգիս Յ. Մինասեան

Անցնող Սեպտեմբերի վերջերը, թրքական մամուլի ու գլխաւորաբար «Էլ-Մոնիթըր»ի եւ «Հիւրրիէթ»ի մէջ լոյս ընծայուած յօդուածներուն կամ մեկնաբանութեանց համաձայն, ՄԱԿ-ի կամ Նիւ Եորքի մէջ, կամ՝ այլազան առիթներով արտասանած ծայրայեղական եւ հրաբորբոք ճառերով, Էրտողան կը յիշեցնէր պաղ պատերազմի շրջանի Գ. աշխարհի երկիրներուն կարգ մը առաջնորդները. ականջը խօսի Կամալ Ապտէլ Նասէրին ու Մուամմար Քազաֆիին։

«Եփրատի Պատնէշ Գործողութիւն»ը կ՚առաջադրէր մաքրագործել Թուրքիոյ սահմանին հարաւ-արեւմտեան շրջանը։ Այլ խօսքով, այս նախաձեռնութիւնը կը հարուածէր Սուրիոյ Ժողովրդային Միութեան (PYD) քրտական ջոկատները (YPG), որոնք կը տիրապետէին Քոպանիէն մինչեւ Աֆրին ստեղծուած գօտիին կամ նրբանցքին։ Նպատակն էր ջլատել քրտական զինեալ ուժերը Եփրատ գետի արեւմտեան տարածութիւններուն վրայ, Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններու երկայնքին, յատկապէս Ճարապլուսի եւ Էլ-Ռայի մէջ։ Այս ձեւով, շուրջ 5000 քառ. քլմ. տարածութեամբ «ապահով» շրջան մը – շուրջ 90 քլմ. արկարութեամբ ու 45 քլմ. խորութեամբ – պիտի գտնուէր Թուրքիոյ զինուորական հակակշռին տակ։ Միաժամանակ, ձախողութեան մատնուած պիտի ըլլար միաձուլումը Թուրքիոյ մէջ քրտական ապստամբութեան ուժերուն, հիւսիսային Սուրիոյ Ժողովրդավար Միաւորներուն (YPG) եւ հիւսիսային Իրաքի ինքնավար շրջանին։

Այսպէս, թրքական «ներողութիւն»ը ռուսական օդանաւի դէպքին համար, կարելի դարձուցած էր Սուրիոյ հողերէն ներս այս ներխուժումը՝ Ռուսիոյ լռելեայն, դժկամ հաւանութեամբ։ Նոյն ատեն, Թուրքիա կը զիջէր Պաշար Ասատը տապալելու իր անդրդուելի կեցուածքէն հրաժարիլ, համակերպելով փոխանցման շրջանի մը սուրիական կառավարութեան մը կազմութեան։ Այս բոլորով մէկտեղ, Թուրքիա ամբողջականօրէն կռնակ պիտի չդարձնէր Եւրոպական Միութեան, ինչ որ ըլլային անհամաձայնութիւնները։

Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան սահմանէն ներս, թէ՛ թրքական բանակի արշաւով եւ թէ՛ Կիւլէնի արտահանման հարցով, Միացեալ Նահանգներ բարեփոխած են դիւանագիտական իրենց կեցուածքը, թրքօ-ամերիկեան փոխյարաբերութիւնները աւելի եւս չվատթարացնելու համար։ Ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, կը յուսացուի որ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը աւելի սուր բնոյթ չստանայ։

Զօրացնելու համար իր միահեծան իշխանութիւնը Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողան կը հետապնդէ աւելի տնտեսական նպատակակէտեր, քան թէ՝ քաղաքական։ Փութինի հետ Ս. Փիթըրզպուրկի հաշտուողական հանդիպումին, հետեւեցաւ Ռուսաստանի սպայակոյտի ընդհանուր հրամանատար Վալերի Կերասիմովի այցելութիւնը Անքարա, Սեպտեմբեր 15-ին։ 11 տարուան դադարէ մը ետք, որոշուեցաւ կարմիր գիծ հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ։ Յիշեալ դրական նախաձեռնութիւնը կը միտէր շրջանային հարցերը լուծել դրացի երկիրներու փոխադարձ խորհրդակցութիւններով։ Այսուհանդերձ, երեք ժամ տեւող այդ հանդիպումին, Կերասիմով դիտել տուաւ Հուլուսի Աքարի, թէ թրքական ներխուժումը Սուրիայէն ներս բռնաբարած կ՚ըլլար միջազգային օրէնքը, եւ թէ յաւելեալ թափանցում մը կրնար քաղաքական ու զինուորական վտանգներ յառաջացնել։ Աքարի պատասխանը ա՛յն եղաւ, թէ Թուրքիա կը յարգէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, եւ թէ «Եփրատի Պատնէշ Գործողութիւն»ը կը նպատակադրէր ապահովել Թուրքիոյ սահմանային ապահովութիւնը։ Հաւանական չէ, որ Ռուսական Դաշնութիւնը փոխէ իր դիրքորոշումը Սուրիոյ իշխանութեանց հանդէպ յանուն թուրք-ռուսական վերջերս բարելաւուող փոխ յարաբերութեանց, եթէ Թուրքիա զօրավիգ կանգնի զինեալ խմբաւորումներու, որոնք կը կռուին Սուրիոյ բանակին դէմ, որ սկսած է գետին շահիլ Հալէպի շրջակայքը, ռուսական ամէն տեսակի օժանդակութեանց շնորհիւ։

Զգայուն այլ հարց մըն է ՆԱԹՕ-ի նաւային ներկայութեան յաւելումը Սեւ Ծովի մէջ։ Ցարդ, Ռուսաստան «բարեկամական» նկատած էր Նեղուցներու (Տարտանէլի) հսկողութիւնը Թուրքիոյ կողմէ, Մոնթրէօյի դաշնագրի հիման վրայ։ Ըստ Կերասիմովի, Ռուսիոյ Սեւ Ծովեան նաւատորմիղին միացած են 3 սուզանաւեր, որոնք օժտուած են կառավարուած հրթիռներով (guided missiles)։ Յառաջիկայ տարի, այդ թիւը պիտի բարձրանայ 6-ի։

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ներկայիս տեղատուութեան մէջ է։ Կեանքի յարատեւ սղութեան դիմաց, թուրք քաղաքացիին ինքնակեցութեան միջոցները անբաւարար դարձած են։ Թէեւ երկրին սպառման շուկան ընդարձակ է, ըստ անգլիացի տնտեսագէտ-վերլուծաբան Ճոնաթըն Ֆրիտմընի, սակայն անիկա չի կրնար երկար դիմանալ քաղաքական ու տնտեսական տիրող յոյժ աննպաստ կացութեան, թրքական լիրային ալ արժէքազրկումով։

Մինչ Թուրքիա կը ձգտի բարելաւել տնտեսական իր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, այս վերջինը այդ մերձեցումը կը հետապնդէ աւելի աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական նպատակներէ մղուած։

Հոկտեմբեր 10-ին Փութին կ՚այցելէ Իսթանպուլ, մինչ նոյն ամսուան վերջաւորութեան ռուսական նոր պատուիրակութիւն մը պիտի ժամանէ Թուրքիա։

 

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ