Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Փարիզի մէջ իր մահականցուն կնքեց գրող Մովսէս Պչաքճեանը

17 Հոկտեմբերին, Փարիզի մէջ մահացած է յայտնի ու վաստակաշատ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա» թերթը: «Բեղմնաւոր հեղինակ մըն էր Մովսէս Պչաքճեանը, որ շարունակ արտադրեց, մինչեւ որ ծանր հիւանդութիւն մը շատ բան կործանեց անոր առողջութեան մէջ։ Երկար պայքարեցաւ խօսիլն ու իր գիտցած լեզուները մոռցնել տուող հիւանդութեան մը դէմ, յաղթահարեց, բայց մնաց դիւրաբեկ առողջութեան մէջ. այնուհանդրեձ չվհատեցաւ, թէեւ չկրցաւ նոր գործ արտադրել, բայց Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ դարձաւ գրական կամուրջ, ապահովեց որ իր գործերը ամբողջական գործի փառաւոր հատորներով տպուին Հայաստանի մէջ. գործէն, որքան որ գիտենք, հրատարակուեցան հինգ հատորներ», – կը գրէ «Մարմարա»։

Ան պաշտօնավարած էր Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ որպէս դիւանապետ, ու կը շարունակէր ապրիլ Փարիզ։

2009-ին, Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով, Պչաքճեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, իսկ 2010-ին, Հայ գրողներու միութեան կողմէ՝ «Գրական վաստակի համար» շքանշանով։

Մովսէս Պչաքճեանի հատորներէն են՝ «Անցողիկը Ու Անժամանցելին», «Մինչեւ Վերջինը Արեւներուն», «Աշխարհահայեաց Պատուհան», «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը», «Վարագոյրը Իջնելէ Առաջ», «Խմելով Քաղաքը», «Անկատար Վերծանումներ», «Լուացք Փռուած Տանիքի Վրայ» եւ «Անկարելի Կարելին»։

Մովսէս Պչաքճեան ծնած էր Հալէպ, 1940-ին, բայց 1976-էն ի վեր կ՛ապրէր Փարիզ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ