Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ես դատ բացած եմ Թուրքիոյ դէմ.Կարօ Փայլան

«Ես դատ բացած եմ Թուրքիոյ դէմ» այսպէս ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի (HDPկուսակցութեան անդամ)  հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան ՝ խօսելով Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին դէմ դատ բանալուն  մասին:

Ան նշեց, որ Էրտողանը իր յայտարարութիւններուն մէջ կ′օգտագործէ հակահայկական արտայայտութիւններ՝ հայերուն ներկայացնելով որպէս թշնամիներ:

Յիշեցնենք, որ հայազգի պատգամաւորին զայրացուցած էին Էրտողանի` տրապիզոնեան հանրահաւաքի ընթացքին ծայրայեղականներուն կողմէ կատարուած վանկարկումները: յ

Խօսելով դատէն, իր ունեցած  սպասելիքներուն մասին ՝ Կարօ Փայլան նշեց, որ ինքըԹուրքիոյ դատարանէն արդարութիւն չակնկալէր, քանի որ այն լուրջ կախուածութիւն ունիերկրի ղեկավարէն: «Այն չի կրնար Էրտողանի դէմ որոշում ընդունիլ , չունի այդազատութիւնը»,- ըսաւ ան: Կարօ Փայլանը բացատրեց պայքարի իր ձեւը․«Ես միշտօգտագործելու եմ իմ հնարաւորութիւնները՝ խորհրդարանը, լրատուամիջոցները,ընկերային ցանցերը ՝ դադարեցնելու հայերու դէմ Էրտողանի ըրած յայտարարութիւնները,ըստ որոնց՝ հայերը թշնամիներ են»:

Հարցին, թէ չի վախնար, որ թրքական իշխանութիւնները հաշուեյարդար կը տեսնեն ,պոլսահայ պատգամաւորը պատասխանեց․«Ես չեմ վախնար այս պայքարէն, ամէն օրԹուրքիոյ մէջ մարդիկ կը մեռնին: Ես չեմ կրնար այդ ըսել: Մենք պէտք է բարձրաձայնենքմեր խնդիրներուն մասին: Ես ունիմ միլիոնաւոր աջակիցներ Թուրքիոյ մէջ եւ պէտք էանոնց լսելի դարձնեմ խնդիրները․ եթէ ես լռեմ, փորձագարի կը զառնեմ իմ ինքնութիւնը:Յիշեցնելու համար ըսեմ, որ Հրանդ Տինքին եւ Ռուբէն Սեւակ չլռեցին: Եթէ դուն ճշմարիտես, չպէտք է լռես: Ես եւ հայ համայնքը  ճշմարիտ ենք, եւ իրաւունք ունինք խօսելու»:

Կարօ Փայլան շեշտեց, որ չի վստահիր Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգին։«Եթէ Թուրքիոյ մէջ ես այս դատը չշահիմ, դիմելու եմ Մարդու իրաւունքներուեւրոպականդատարան»,- եզրափակեց ան:

Լուրի աղբիւր՝ Tert.am

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ