Կլենտէյլի Հայկական արուեստներու ցուցասրահին մէջ, ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Զեփիւռ Ճերահեանի անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսի բացումը:
Ճերահեանի ցուցահանդէսը նուիրուած է գաղթականական տագնապին, մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ տագնապի լոյսին տակ։ Անոր ստեղծագործութիւնները նիւթը գաղթականութեան անորոշութեան մատնուած կիներ ու երախաներ են։ Արուեստագէտը այս շարքի պատրաստութեան համար կատարած ուսումնասիրութեան ընթացքին պարզած է, որ առնուազն 65 միլիոն գաղթականներ կան աշխարհի տարածքին, եւ անոնց 54 տոկոսը կու գայ երեք երկիրներէ՝ Սոմալիա, Աֆղանիստան եւ Սուրիա։
Այդ գաղթականներուն տառապանքը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, «Չլսուող ձայներ. Գաղթական կիներ եւ երեխաներ» խորագրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ նաեւ Հոկտեմբեր 29ին եւ 30ին, երեկոյեան ժամը 5-էն 10։