Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազրպէյճանը ներթափանցման փորձ ձեռնարկած է

20 Հոկտեմբերին` ժամը 23:00-23:30 շուրջերը, արցախեան սահմանին հակառակորդը յարձակման ներփաթանցման փորձեր ձեռնարկած է:

ԼՂՀ ՊԲ-ի տեղեկութիւններով՝ ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները ճշդած են ազրպէյճանական ջոկատայիններու դիրքերը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են անոնց:

Յարձակող խումբը դիմագրաւելու ընթացքին՝ ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:

Բացի ներթափանցման փորձերէն՝ հակառակորդը հրադադարը խախտած է աւելի քան 50 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2800 կրակոց: Ան նաեւ կիրառած է ԴՇԿ տիպի գնդացիր (200 կրակոց):

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ