Թուրքիոյ բանակի կործանիչներու գրոհով 150 անձեր զոհուած են Հալէպի հիւսիսային հատուածին մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ թրքական հարուածը եղած է Աֆրին աւանին մէջ: Ըստ սուրիական «Սանա» պետական գործակալութեան հարուածները եղած են Հասաճէք, Ալ Ուարտիյէ, Կոլ սրուճ, Հասիյէ եւ Սատ ալ շահպա շրջաններուն դէմ, ուր զոհերուն թիւը հասած է 150-ի: Ի պատասխան այս վտանգաւոր զարգացման Սուրիոյ բանակի մէկ բանբերը յայտարարած է, որ յետ այսու սուրիական ուժերը թիրախ պիտի դարձնեն որեւէ թրքական օդանաւ, որ կը հատէ սուրիական սահմանը: Ըստ «Սուրիոյ մարդկային իրաւանց դիտարան» կայքին թրքական ուժեր ծանր հրթիռարձումներ կատարած են Հալէպի հիւսիսը գտնուող Թալ Այաշ շրջանին դէմ, որ կը գտնուի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ: