ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր այցելած է Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարա, ուր հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ պաշտպանությժեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի հետ եւ շարք մը այլ պաշտօնեաներու հետ: Ըստ թրքական «Haberler» լրատուամիջոցի` թուրք պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ժամանակ օրակարգային հարցերէն եղած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Փենթակոնի ղեկավարը Ըշըքի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ իրենք կ’աջակցին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ տարուած գործողութիւններուն՝ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ:
«Թուրքիոյ հետաքրքրութիւնը Սիրիոյ եւ Իրաքի զարգացումներու նկատմամբ հասկանալի են: Մենք կ’աջակցինք սահմանային անվտանգութեան պահպանման համար Ձեր կողմէ ձեռնարկուած միջոցներուն»,- ընդգծած է Քարթըր: