Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Լրագրողներու hամահայկական 8-րդ hամաժողովի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելեցին

Հոկտեմբեր 21-ի առաւօտեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համատեղ իրականացուող Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ՝ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին, որմէ ետք շրջայց կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

Այնուհետեւ համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան հերոսամարտին, ապրիլեան պատերազմին զոհուած հայորդիներու շիրիմներուն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ