Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Արցախ այցելեցին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրէն (Ֆրանսա), Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման՝ խախտելով զինադադարի դրութիւնը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն:

Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է զինադադարի դրութեան պահպանման ու խախտումներու բացայայտման վերաբերող մեքանիզմներու մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն նկատելով խաղաղ գործընթացի առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է ֆրանսացի պաշտօնաթող համանախագահ Փիեռ Անտրէին՝ անոր ազնիւ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, եւ անոր մաղթած է յաջողութիւններ կեանքին ու յետագայ գործունէութեան մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ