Անցեալ գիշեր ղարաբաղեան սահմանին հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 15 անգամ, որու ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 240 կրակոց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը, Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հաւատարիմ մնացած են հրադադարի պահպանման կարգին եւ շարունակած են իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: