Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հրատարակուած է Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ Հայրենիք» հատորը

Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնը կը հաղորդէ, որ լոյս տեսած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ Հայրենիք» աշխատութիւնը եւ 24 հոկտեմբերէն Երեւանի գրախանութներուն մէջ վաճառքի հանուած է:

Հայ քաղաքական ու փիլիսոփայական մտքի պատմութեան այս բացառիկ աշխատութիւնը առաջին անգամ հատուածաբար տպագրուած է ՀՅԴ հայրենիք (Պոստոն, ԱՄՆ) ամսագրին մէջ` 1923-1924 թուականներուն, բացառութեամբ վերջին երկու հատուածներուն:

ՀՅԴ-ի շարքերը լքելէ ետք, Քաջազնունին խզած է աշխատակցութիւնը «Հայրենիք»-ի հետ, եւ յօդուածաշարքը մնացած է անաւարտ, կը գրէ անոր մօտ բարեկամներէն Սիմոն Վրացեանը` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետը:

Քաջազնունիի անտիպ ձեռագիրներուն մէջ մնացած է նաեւ «Ազգ եւ հայրենիք»-ի վերջին մասը` երկու գլուխ, որոնք եւ աւելցուած են հատորին, երբ անիկա առաջին անգամ լոյս տեսած է Սփիւռքի մէջ:

ԱՆԻ կեդրոնի ինչպէս վերջին հրատարակութիւնները, այնպէս ալ «Ազգ եւ հայրենիք»-ը տպագրուած է «Լուսակն» տպարանին մէջ: Հատորը լոյս տեսած արեւելահայերէն` մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, ինչպէս որ հրապարակուած է «Հայրենիք»-ի մէջ:

Գիրքին հրատարակութիւնը հովանաւորած է Սարգիս Պուտագեանը Պէյրութէն: Գիրքին առաջին շնորհանդէսը պիտի կայանայ Պէյրութի մէջ` 28 Հոկտեմբերին՝ Հայ գրքի 37-րդ տօնավաճառին, եւ 1 Նոյեմբերին` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ:

«Քաջազնունին հայ քաղաքական մտքի պատմութեան մէջ բացառիկ տեղ ունի: Նրա այս հատորը շատ ծանօթ չէ Հայաստանի ընթերցողին: Եւ որպէս պետական-քաղաքական գործիչ, եւ որպէս գրող, ցաւօք, Քաջազնունին ըստ արժանուոյն գնահատուած չէ ո՛չ Սփիւռքում, ո՛չ Հայաստանում: Վերահրատարակելով նրա աշխատութիւնները, ԱՆԻ կենտրոնը իր համեստ լուման է ներդնում այս խոշոր հային, այս խոշոր անհատականութեանը ժամանակակիցներին ծանօթացնելու համար»,-ըսած է է Սիվիլիթաս հիմնադրամի փորձագէտ եւ ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող, լրագրող Թաթուլ Յակոբեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ