Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Թշնամիի կրակոցէն 20-ամեայ զինուոր զոհուած է

Այսօր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարի պահպանման ռէժիմը: Թալիշի ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ  հաստոցաւոր նռնականետ (ՀԱՆ-17) եւ հակաթանկային հաստոցաւոր նռնականետ (ՀՀՆ-9):

Հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման արդիւնքով` ժամը 17:00-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան Բանակի զօրամասերու պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ, մահացու հարուած ստացած է 1996-ի ծնունդ զինծառայող՝ Գուրգէն Աւետիքի Այվազեանը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ