Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հնագէտներ կը բանան Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը

National Geographic-ը տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կ’երեւի, թէ ինչպէս վերջին 500 տարուայ ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի Քրիստոսի գերեզմանը: Հնագէտները նշած են, որ մարմարէ սալաքարի տակ մեծ քանակութեամբ քարերեր եղած են:

Գերեզմանը, ինչպէս յայտնի է, կը գտնուի Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, մարմարէ գմբէթարդ մատուռի մէջ: Այն վերականգնուած է 1809-1810 թուականներուն` յոյն ճարտարապետ Նիքոլայ Քոմինի նախագիծով: Այժմ եւս այստեղ վերականգնողական աշխատանքներ կ’ընթանան Աթէնքի ազգային գիտարուեստական համալսարանի յուշարձաններու եւ շինանիւթերու պահպանման մասնագէտ Անթօնիոյ Մարոփոլոյի գլխաւորութեամբ: Գիտնականները կը ցանկան պարզել, ինչպիսի տեսք ունեցած է Քրիստոսի գերեզմանը ի սկզբանէ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ