Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան առանձնազրոյց ունեցած է Տմիթրի Մետվետեւի հետ

Պելառուսի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մինսկի մէջ զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն։

Ընդգծելով այն հանգամանքը, որ երկու երկիրներուն նախեւառաջ կը կապեն դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւնները՝ վարչապետներ Կարէն Կարապետեանն ու Տմիթրի Մետվետեւը կարեւորած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը՝  նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ներգրաւուածութիւնը նոր հնարաւորութիւններ եւ հեռանկարներ կ’ուրուագծէ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ