Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Նորագոյն ձեւի ցուրտ պատերազմը. Վաչէ Սեմերճեան

Գերհզօր ուժերը ի վերջոյ յաջողեցան ցուրտ պատերազմի մթնոլորտը վերանորոգել, վտանգելով ոչ միայն իրենք զիրենք, այլ՝ եւրոպական դաշնակիցներուն հետ՝ միջին արեւելեան կարգ մը երկիրներ։ 1980-1986 թուականէն ի վեր գոյացած հանդուրժողականութիւնը՝ գերհզօր երկու տէրութիւններուն միջեւ, նպաստեր էին եւրոպական պետութեանց միջեւ հանդուրժողութեան եւ հարցերը լուծելու բարի տրամադրութեան։

Ցուրտ պատերազմը յիշեցնող եւ անհետեւանք թուող դէպքեր սկսած են խանգարել տիրող հանդուրժողութիւնը ու նախկին ճակատներու կազմաւորումը անհաւանական չէ այլեւս։ Այս ըսելով հանդերձ, մարդ կը տարակուսի յեղակարծ փոփոխութեան մը գոյութեան։

Երկու շաբաթ առաջ ռուսական զինուած օդանաւ մը միտք պղտորող թռիչք մը կատարեց Էսթոնիոյ եւ Ֆինլանտայի երկինքին վրայ, բայց նոյն ատեն, Ռուսաստան կորիզային գլուխով հրթիռներ հաստատեց Քալինինկրատի մէջ, քաղաք մը որ Լեհաստանի ու Լիթուանիոյ անմիջական դրացնութեան մէջ կ՚իյնայ։ Եթէ այս ըլլար պատահածը, պատահարը առանձին երեւոյթ մը պիտի նկատուէր ու թերեւս ալ՝ մոռցուէր։ Սակայն Ամերիկայի պետական քարտուղար Ճան Քերրի, լրջացնելով կացութիւնը, յայտարարեց, թէ Ռուսաստան պատերազմի ոճիրներով պէտք է դատապարտել, Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտք գտնուող Հալէպ քաղաքի արեւելեան շրջանները ծանր ռմբակոծումներու ենթարկելուն համար։ Այս հաստատումը կը զուգադիպի այն իրողութեան, որ հազարաւոր մարդկային զոհերու թիւը զգալի դառնալ սկսած է սուրիական ողբերգութեան այս հանգրուանին։ Քրեմլին անմիջապէս հակադարձեց այս ամբաստանութեան եւ որպէս պատասխան՝ ըսուեցաւ որ ամերիկեան ուժեր կը ծրագրեն սուրիական իրենց կեդրոնները ռմբահարել…։ Տակաւին ոչինչ պատահած է։

Մարդոց տրամադրութիւնը քիչ մը բարձրացնելով, ամերիկեան կողմը ռուսական անորոշ միջոցները ամբաստանեց՝ որ իբր թէ Դեմոկրատ Կուսակցութեան ընտրական կոմիտէի մը միջոցով, նախագահական ընտրապայքարին միջամուխ կը դառնան ռուս գործակալներ։ Իբր թէ Մոսկուա կը փորձէ եղեր հանրապետական թեկնածու Տոնըլտ Թրամփին ի նաստ դիրքաւորուելով՝ կը ջանայ զինք Սպիտակ Տուն ղրկել…։ Թերեւս այս ծիծաղելի ըսի ըսաւին տուն տուող պատճառը, նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասին Թրամփին քանի մը դրական արտայայտութիւններն են։

 

***

 

Ձգտուածութեան առկայութիւնը աւելի շեշտուեցաւ, երբ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարը՝ Ֆրանք Վոլթըր Շթայնմայըր ստեղծուած կացութիւնը ներկայացուց որպէս Ցուրտ Պատերազմի տիպական երեւոյթ։ Գերմանական «Պիլտ» թերթին ուղղած խօսքին մէջ, նախարարը ըսաւ. «Ատենին, Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն գիտէին իրենց գծած կարմիր սահմանները եւ կը յարգէին զանոնք։ Նոր ժամանակները տարբեր են եւ դարձած են աւելի վտանգաւոր…։ Քալինինկրատի մէջ կատարուածը Պալթեան Ծոցը երեւութապէս կը դարձնէր 1962-ի Քուպայի տագնապին մէկ տարբերակին, միակ տարբերութեամբ որ այդ ատեն խորհրդայինները նախընտրեցին իրենց հրթիռները հաւաքել եւ տուն վերադառնալ։ Այս պարագային, ռուսական հրթիռները հոն են՝ Եւրոպայի սրտին մօտ, ուրկէ կարելի է հարուածել որեւէ վայր։ Պալթիկ ծովը ռազմանաւերով այսքան մը չէր խճողուած, իսկ երկինքն ալ՝ օդանաւերով։

Կացութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր դարձած է Սուրիոյ մէջ, ուր ռուսական եւ ամերիկեան խարիսխներ խճողուած են ռազմական օդանաւերով, որոնք իրարմէ տարբեր դիրքեր կը ռմբակոծեն՝ առանց միասնական ծրագրումի։ Եթէ ռուսական ուժերը մէկ ամերիկացիի մահուան պատճառ դառնան, միջազգային աննախադէպ տագնապի մը առջեւ պիտի գտնուի աշխարհը։

 

***

 

Այս երեւոյթներու շարադասումին առիթով, ռուսական «Կոմսոմոլսքայա Փրաւտա» կը գրէ. «Ամերիկեան եւ եւրոպական վերնագիրները կը զայրանան, որ Փութին ազատ աշխարհի վրայ յարձակում կը գործէ…»։ Իսկութեան մէջ, Քալինինկրատի հրթիռներուն գործածութիւնը գաղտնիք մը չէ, ոչ ալ՝ վտանգ մը. այլ, ռազմափորձերու սովորական շարժումներ են, կ՚ըսուի ռուսական կողմէն։ Կ՚աւելցուի նաեւ, թէ Ռուսաստան, իսկութեան մէջ, կը փափաքի Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ հասկացողութեան մը յառաջացումը,  ինչպէս նաեւ միջազգային առեւտուրի եւ ուղղակի երկխօսութեան մը վերսկսումը՝ Արեւմուտքին հետ։

 

Կլենտէյլ, 20 Հոկտեմբեր 2016

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ