Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Կառավարութիւնը նպատակ ունի 2017-ին ապահովել 3,2% տնտեսական աճ. Կարէն Կարապետեան

Կառավարութիւնը նպատակադրած է 2017-ին ապահովել 3,2% տնտեսական աճի մակարդակ. Ազգաին ժողովին մէջ 2017-ին պիւտճէի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Ան խոստովանեցաւ` նշուած ցուցանիշին հասնելու համար մեզմէ բաւական ջանքեր կը պահանջուի, բայց վստահեցուց` «ամէն ինչ պիտի ընենք ատոր հասնելու համար», կը հաղորդէ Tert.am-ը:

Իսկ մինչ այդ վարչապետը նշեց, որ վերջին երկու տարիներուն ՀՀ տնտեսութիւն ներթափանցած ցնցումները պայմանաւորուած են ՌԴ տնտեսութեան անկմամբ եւ փոխանցումներու նուազմամբ: Այդ նպատակով, ըստ անոր, հակապիւտճետային քաղաքականութիւնը եղած է հակաշրջանակային, որ բերած է պետական պարտքի աւելացման:

Կարէն Կարապետեան նշած է, թէ իրենց խնդիրն է բոլոր անհրաժեշտ քայլերը կատարել, որպէսզի տնտեսական կայունութիւն ապահովեն եւ նուազող պիւտճէի միջոցով պարտքի կայունցման հասնին:

«Թափանցիկ գործելակերպով, մօտեցումները հարկատուների պիւտճէի մուտքերը պէտք է օգտագործել խնայողաբար, նպատակային, արդիւնքները` տեսանելի հանրութեան համար»,-ըսած է ան:

Վարչապետը նշած է, թէ կոշտ քաղաքականութեամբ պիտի փորձեն չունենալ պակասուրդի  աճ, բացի ատկէ` գործարարութիւնը առաւելագոյնը պիտի չճնշեն, որ կարենան վերարտադրուիլ, եւ հնարաւոր ըլլայ ստեղծել բնական հարթակ` աւելի աշխոյժ տնտեսական աճ ապահովելու համար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ