Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման մասին արտայայտուած է

Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթին Տըֆրէյն Պելճիքայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը լրագրողներուն նշած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանը եւրոպական խորհրդարաններուն մէջ առաջիններէն մէկն էր, որ 1998-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ուժեղ բանաձեւ մը: «Եւ մենք նոյնիսկ քայլեր ըրինք աւելի առաջ երթալու եւ Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելու: Մենք բաւական շուտ սկսանք աշխատելու այդ ուղղութեամբ: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է գնահատուի որպէս յանցագործութիւն: Այն ժամանակ մենք չհասանք մեր նպատակին, բայց ես կը կարծեմ, որ Պելճիքայի տարբեր մակարդակի խորհրդարաններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունմամբ մենք կը հասնինք մեր նպատակի իրագործման»,- ըսած է Տըֆրէյն:

Ան աւելցուցած է, որ խօսքը այն մասին չէ, որ խորհրդարանները պիտի թելադրեն պատմութիւնը, այլ ուղղակի անհրաժեշտ է պատմութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն, որպէսզի մէկընդմիշտ դատապարտուին ցեղասպանութեան բոլոր գործողութիւնները: «Մեր երկիրները պէտք է երթան դէպի ապագայ: Ես կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդները ունին միանման արժէքներ, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք միասին կրնանք շարունակել այդ ճանապարհը»,- աւելցուցած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը:

Քրիսթին Տըֆրէյն նշած է, որ Եւրոպայի դռները Հայաստանի առջեւ միշտ բաց են: «Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստան կը գտնուի բարդ աշխարհաքաղաքական դիրքի վրայ, սակայն պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպայի դռները միշտ բաց են բանակցութիւններու, որեւէ ոլորտի մէջ աշխատանքի եւ միասնական զարգացման համար: Պելճքիան ջանքեր պիտի չխնայէ`սատարելու Հայաստանին իր որոշումներուն մէջ»,- եզրափակած է ան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ