Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ-Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին հանդիպումներ Նիւ Եորքի Մէջ

31 Հոկտեմբերին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդարանին մէջ (Նիւ Եորք) իր աշխատանքը սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի, Գանատայի հայոց թեմի թեմական խորհուրդներու դիւաններու եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնական մարմնի անդամներու միացեալ ժողովը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի. «Ժողովը կ’ընթանայ «Եկեղեցին տանիլ դէպի ժողովուրդ, հասնիլ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ապրող հայութեան» կարգախօսի ներքոյ եւ պիտի քննարկէ Ամերիկայի մէջ հաստատուած հայութեան կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ իրողութիւններուն, Ամերիկայի մէջ Հայ Եկեղեցուոյ հովուական ծառայութեան, Եկեղեցի-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։

Համաժողովի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցած է ՀԲԸՄ անդամներուն։ Գարեգին Բ Կաթողիկոսը մաղթած է, որ Բարձրեալ Տէրը միշտ զորակից եւ ապաւէն ըլլայ տիար Պերճ Սեդրակեանին եւ Սեդրակեան ազգասէր եւ եկեղեցանուէր բարեգործ ընտանիքին։

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը «Ասպետ Ս․ Էջմիածնի» տիտղոս եւ հայրապետական շքանշան շնորհած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանին՝ ազգին մատուցած աստուածահաճոյ ծառայութիւններու եւ Ս․ Էջմիածնի պայծառութեան բերած բացառիկ աւանդի համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ