Կիրակի, Նոյեմբեր 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց Զօր. Միշէլ Աունը

Հայաստանի  Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Զօր. Միշէլ Աունին` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առթիւ: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրէս»-ին՝ տեղեկացուցած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

 «Վստահ եմ, որ ձեր երկարամեայ փորձառութիւնը եւ Լիբանանի բարեկեցիկ ու անվտանգ ապագայի ապահովման անմնացորդ նուիրուածութիւնը լաւագոյնս կը ծառայեն իրենց նպատակին:

«Համոզուած եմ, որ ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն` դարերու խորքէն եկող բարեկամութիւնը աւելի կ’ամրապնդուի եւ կը ստանայ նոր որակներ:

«Կը մաղթեմ ձեզի քաջառողջութիւն եւ ձեր առջեւ դրուած բոլոր նպատակներն ու ծրագիրերը իրականացնելու ուժ ու կորով»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ