Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր թերթին դէմ ուղղուած մեղադրանքները անընդունելի են. Ճան Տիւնտէր

Թուրքիոյ մէջ այլախոհներու դէմ իրականացուող ճնշումներու ներկայիս ալիքը կը փորձարկէ Եւրոպայի համար, այդ կարգին` Գերմանիոյ:Գերմանական «Տէօչէ վէլլէ»ի հաղորդմամբ՝ նման կարծիք յայտնած է թրքական «Cumhurriyet» ընդդիմադիր թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտէրը:

«Գերմանիան եւ Եւրոպան պէտք է որոշեն, թէ որ կողմը կը գտնուինժողովրդավարութեա՞ն, թէ ճնշումներուկը ցանկան արդեօք Թուրքիան տեսնել որպէս ճնշող ռեժիմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, թէ՞ որպէս ժողովրդավար եւ ազատ երկիր»,- ըսած է Տիւնտէրը`գերմանական պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան ծիծաղելի անուանեց Անգարայի ներկայացուցած հիմնաւորումը «Cumhurriyet»  թերթի ներկայիս խմբագիր Մուրատ Սապանճուին ձերբակալելու համար: Տիւնտարի խօսքով` «Cumhurriyet»-ը իր ողջ պատմութեան ընթացքին եւ յատկապէս վերջին 20-30 տարիներուն պայքարեցաւ իսլամական քարոզիչ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի շարժման դէմ: 

«Եւ եթէ իշխանութիւնները այս թերթը կը մեղադրեն «կիւլէնականութեան» մէջ,ապա այդ մեղադրանքին ոչ կը հաւատայ»,- ընդգծած է Տիւնտէր:

Յիշեցնենք, որ Մուրատ Սապանճուին ձերբակալելու մասին յայտնի դարձած էր 31 հոկտեմբերին, որմէ ժամեր անց խմբագրի ձերբակալութիւնը դատապարտող ելոյթով հանդէս եկած է Եւրախորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցը եւ ԱՄՆ Պետ.Քարտուղարութիւնը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ