Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոյս տեսած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գիրքի թրքերէն թարգնամութիւնը

Պոլսոյ մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գիրքի թրքերէն թարգմանութեան: Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 1955-ին Պէյրութի մէջ եւ կը պատմէ ցեղասպանութեան տարիներուն Տէր Զորի ճանապարհով Հալէպ հասած մանկահասակ հայ որբերու եւ որբանոցին մէջ պատսպարուած որբերու ապրած դժուարութիւններու մասին:

«Իրենց հասակէն մեծ գործեր ձեռնարկող եւ կեանքէն իրենց հասնելիք ամենամեծ բաժինը փրցնել աշխատող այդ որբերու մօտ չքաւորութեան ու ոչ ոք ունենալու զգացողութիւնը կը հասնէր մինչեւ ոսկրածուծ, սակայն այդ մէկը անոնց չէր խանգարէր ապրիլ աշխարհի մը մէջ, որու օրէնքները իրենք սահմանած էին»,- գիրքի նկարագրութեան մէջ «Արաս» հրատարակչութիւնը այսպէս ներկայացուցած է Ծառուկեանի ստեղծագործութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ