Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ մէջ ասորական գերեզմանոց պղծուած է

Թուրքիոյ Ատըեաման քաղաքին մէջ գտնուող ասորական գերեզմանոցը անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած է, կը հաղորդէ «ermenihaber.am»-ը:

Ըստ «Demokrathaber.com» լրատուական կայքին` գերեզմանոցի վրայ յարձակումը տեղի ունեցած է երէկ երեկոյեան ժամերուն:

Ըստ աղբիւրին` յարձակումի ընթացքին կոտրուած են գերեզմաններու քարերը: Ընդհանուր առմամբ պղծուած է 10 գերեզման:

Նշենք, որ Ատըեամանի ասորական եկեղեցւոյ կից գերեզմանոցը նման յարձակման ենթարկուած էր նաեւ 2006 թուականին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ