Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակը պիտի նշուի Լոս Անճելըսի մէջ

Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, կիրակի, 13 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6-ին, ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՌԱԿ-ի գործիչ, մանկավարժ եւ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գնահատանքի հրապարակային ձեռնարկ մը։

Ելոյթներ պիտի ունենան մեծարեալին եբեմնի ուսանողներէն՝ Արփի Սիմոնեան, Սիւզի Պահատրեան, Արա Ահարոնեան եւ Վաչէ Սեմերճեան, իսկ հանդիսավարն է Օշին Քէշիշեան։

Ներկաները նաեւ պիտի ունկնդրեն Գերսամ Ահարոնեանի մէկ ելոյթը, որ արտասանուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ