Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը մասնակցեր է Իսրայէլի հոգեւոր պետերու յանձնաժողովի Լեհաստան այցին

Իսրայէլի հոգեւոր պետերու յանձնաժողովը այցելած է Լեհաստան, որու կազմին մէջ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը ներկայացուցած է պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանը:  Յանձնաժողովը Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցած է Լեհաստանի Արքեպիսկոպոսին հետ, ապա Կրակովի մէջ հանդիպում կայացած է Կրակովի քարտինալին հետ, որ եղած է Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ պապի քարտուղարը:

Վարշաւայի եւ Կրակովի մէջ հանդիպւոմ մը եղած է նաեւ հրեայ ռապպիններու հետ, իրենց սինակոկներուն մէջ: Աւլի ուշ, Յանձնաժողովը այցելած է Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբար:
Նշենք, որ Իսրայէլի հոգեւոր պետերու Յանձնաժողովը հիմնուած է 2008 թուականին, որուն անդամակցած են հրէական գլխաւոր երկու ռապպիական հաստատութիւնները, քրիստոնէական համայնքներու հոգեւոր պետերը, իսլամներու հոգեւոր պետերը եւ տուրզիներու հոգեւոր շէյխը: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ