Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազէրպայճանցի լրագրողը ապաստան խնդրած է Զուիցերիայէն

Ըստ BBC-ի ռուսական ծառայութեան, ազէրպայճանցի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրով քաղաքական ապաստան խնդրած է Զուիցերիայէն: Ան կ՚ամբաստանուի Հայաստանի հաշւոյն լրտեսութեան յանցանքով: Իր ընտանիքը հոն արդէն ապաստանի իրաւունք ստացած էր:
Ռուսերէն անկախ «Զերկալօ» թերթի լրագրող Միրքատիրով ձերբակալուած էր 2014-ին, Թուրքիոյ մէջ, ուրկէ արտաքսուած էր Ազէրպայճան:
2015 Դեկտեմբերին, լրագրողը վեց տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր պետական դաւաճանութեան համար: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ ըսուած էր, որ մարդկային իրաւանց պաշտպան Լէյլա Եունուս զինք «իր ցանկին մէջ ընդգրկած էր» Հայաստանի հետախուզութեան հաշւոյն աշխատելու համար:
Մարտին, Վերաքննիչ դատարանը փոխած էր լրագրողին պատիժը պայմանականի (յետաձգումով)` փորձի հնգամեայ շրջանով: Միրքատիրով կը պնդէ, որ երբեք գործ չէ ունեցած Հայաստանի կամ աշխարհի որեւէ այլ երկրի յատուկ ծառայութեան հետ:
2016-ի ամրան իրեն թոյլ տրուած էր արտասահման մեկնիլ` ընտանիքին այցելելու համար: Ան, ազէրպայճանական «Թուրան» գործակալութեան յայտնած է, որ ապաստանի այդ դիմումը կատարած է, նախ որպէսզի իր ընտանիքին հետ ըլլայ, ապա նաեւ այն պատճառով, որ Ազէրպայճանի մէջ իր ազատութիւնը եւ առողջութիւնը կը գտնուին սպառնալիքի տակ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ