Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Յոբելենական հանդիսութիւն նուիրուած՝ Ժագ Ս. Յակոբեանին

Ինչպէս իր ելոյթին մէջ յիշեց խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան՝ «բանաստեղծ եւ բառաստեղծ» Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին եւ գրական վաստակի 80-ամեակին նուիրուած էր Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին Presbyterian եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համագաղութային հանդիսութիւնը։

Գլխաւոր կազմակերպիչն էր Մաշտոց քոլէճը, մասնակցութեամբ գաղութիս մշակութային եւ եկեղեցական բոլոր միաւորներուն։

Հանդիսավարն էր Մաշտոց քոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան։ Ներկայ էին շուրջ երեք հարիւր «ժագասէրներ», որոնց շարքին նախկին աշակերտներ, գործընկերներ, գրողներ, արուեստագէտներ, բարեկամներ, զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին եւ խօսք առին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ՝ Մայքըլ Անթոնովիչ, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ՝ Տէր եւ Տիկին Փօլ Գրիգորեան եւ ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վալերի Մկրտումեան։

Գրական վաստակի թէ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան տասնհինգ ազգայիններ, որոնց շարքին Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան,  Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Մկօ Փանոսեան, Նիւ Եորքէն՝ Ճան Յովհաննէս Պզտիկեան, մշակութային միութիւններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խօսքը փոխանցեց Հոգշ. Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան կողմէ՝ Անթուան Վրդ. Նորատունկեան, ԹՄՄի խօսքը՝ Արա Ահարոնեան, Նոր Սերունդին կողմէ խօսք առաւ՝ Յարութ Տէր Դաւիթեան, Համազգայինի կողմէ՝ Մա­կի Պապիկեան,  Հայ Աւետարանական Միութեան կողմէ՝ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ՝ Լեւոն Ֆիլեան։

Ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրը. մեներգներ՝ Մարալ Բարսեղեան, Սալբի Քէլէշեան, Ռաֆֆի Քէրպապեան եւ Կարօ Սիւլահեան, որոնց մէկ մասին դաշնամուրով ընկերակցեցաւ յայտնի արուեստագէտ Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեան։ Ասմունք՝ Թագուհի Արզումանեան, նուագ՝ «Տաղլեան» համոյթ՝ Ճորճ, Փաթիլ եւ Սարէն Տաղլեաններ։ Պար՝ Փաթիլ եւ Սինթիա Աղպարեան։ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին, իսկ երգչախումբը երգեց երկու խմբերգ Արտաշէս Սինանեանի ։ Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան մեծարեալին կեանքէն լուսանկարներ։

Բազմաթիւ շնորհաւորագիրեր, որոնցմէ յիշենք մի քանին. Հռոմի Ս. Պապէն, Նախագահ Պարաք Օպամայէն, քոնկրէսմէն Ատամ Շիֆէն, Մայքըլ Անթոնովիչէն, Փասատինայի, Կլենտէյլի եւ Պըրպէնքի քաղաքապետներէն։

Ժագ Ս. Յակոբեանի գրական 80-ամեայ վաստակը քանի մը վայրկեաններու մէջ կարելի չէր վեր հանել, սակայն սեղմ բառերու մէջ բացառիկ էին թէ Արտեմ Սարգսեանի եւ թէ Օշին Քէշէշեանի խօսքերը։ Արտեմ Սարգսեան Ժագ Յակոբեանի մասին՝ «եզակի բանաստեղծ, մեծատառ մարդ, վառվռուն եւ գոյնզգոյն է լեզուն, եւ վերջապէս՝ աչքի պէս պարզ եւ աչքի պէս բարդ է անոր գործը։ Իսկ օրուան հանդիսավար Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան Ժագ Յակոբեանը բնորոշեց ուսուցիչ, դաստիարակ, հայր եւ եղբայր մակդիրներով։

Մուշեղ Արք. ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհաւորագիրը, իսկ աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց հարիւրամեայ բանաստեղծը։

Յիշարժան հանդիսութիւն մը արդարեւ, որ կատարեալ էր ու բազմախորհուրդ. միակ վիրաւոր կողմը՝ հանդիսութեան երկարութիւնն էր, որ տեւեց չորս ժամէն քիչ մը պակաս։

 

Հ.Ս.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ