Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Սահմանին հրադադարի խախտումները կը շարունակուին

Արցախեան սահմանին Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 65 անգամ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

ԼՂՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հանգստեան օրերուն ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է շուրջ 65 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1200 կրակոց:

7 Նոյեմբերին, ժամը 01:50-ի մօտ, սահմանի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (1 արկ):

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ