Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Էտվէնթիստ Հիւանդանոցի Երկրորդ Առաքելութիւնը Ի Հայաստան

Հոկտեմբեր 13-22 օրերուն, երկրորդ անգամ ըլլալով Կլենտէյլի մէջ գործող Էտվէնթիստ հիւանդանոցէն մօտ 40 բժիշկներու, բուժքոյրերու պատուիրակութիւն մը Հայաստան մեկնեցաւ, Նոյեմբերեան հիւանդանոցին մէջ բժշկական անվճար ծառայութիւններ եւ գործողութիւններ կատարելու համար: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հիւանդանոցի մեծանուն բժիշկներն ու բուժքոյրերը: Նախորդ այցելութեան, հիւանդանոցը 31 բժիշկներ եւ բուժքոյրեր ղրկած էր Նոյեմբերեանի հիւանդանոցը, ուր 35 գործողութիւններ եւ բժշկական ծառայութիւններ կատարեցին անոնք մօտ 800 քաղաքացիներու վրայ: Այս տարի անոնք մօտ 1000 հոգիի ծառայութիւն ըրին իրենց կեցութեան օրերուն: Գեղեցիկ ծրագիր մըն է այս մէկը, լեցուն մարդասիրական ամենէն բարձր զգացումներով:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ