Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Քրտական Դեմոկրատական կուսակցութեան (DBP) համանախագահ՝ Սեպահաթ Թունճէլ կալանաւորուած է

Թուրքիոյ քրտական Դեմոկրատական տարածաշրջանային կուսակցութեան (DBP) համանախագահ Սեպահաթ Թունճէլ կալանաւորուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականը:

Դատարանը Թունճելին կալանաւորելու որոշում կայացուցած է «զինուած խմբաւորման անդամ ըլլալու» մեղադրանքով: 

Սեպահաթ Թունճէլ բազմիցս հանդէս եկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին յայտարարութիւններով: 2014 թուականին ան, որպէս պատգամաւոր, խորհրդարան ներկայացուցած էր օրինագիծ մը, ուր կ’առաջարկուէր, որ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամբողջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անունով ներողութիւն խնդրէ հայերէն՝ Հայոց ցեղասպանութեան համար: Ինչպէս նաեւ, օրինագիծը կ’առաջարկէր 24 ապրիլը սուգի օր յայտարարել եւ կատարել նիւթական ու բարոյական փոխհատուցում:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ