Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Pan Armenian Entertainment Awards 2016» մրցանակաբաշխութիւնը մեկնարկած է Լոս Անճելոսի մէջ

Լոս Անճելըսի հանրայայտ «Microsoft Theater» դահլիճին մէջ մեկնարկած է «Pan Armenian Entertainment Awards 2016» մրցանակաբաշխութիւնը, որ կ՛իրականացուի Global Arts International-ի եւ PanArmenian Media Group-ի համագործակցութեան ծիրէն ներս, կը գրէ Թերթ․ամ-ը:

Ինչպէս կը տեղեկանանք Pan Armenian Entertainment Awards-ի պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջէն, միջոցառման ժամանակ մրցանակներ պիտի շնորհուին երաժշտութեան, կինեմատոգրաֆի, հեռուստատեսութեան, մետիայի եւ նորաձեւութեան ոլորտներու զարգացման գործին մէջ աւանդ ունեցած`  Հայաստանն ու սփիւռքը ներկայացնող թեկնածուներուն:

Կ՛ենթադրուի, որ այս տարի մրցանակաբաշխութիւնը պիտի դիտէ մօտ 10 միլիոն հեռուստադիտող:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ PanArmenian Entertainment Awards-ը միակ հայկական մրցանակաբաշխութիւնն է, որ մէկ յարկի տակ կը հաւաքէ հայկական շոու պիզնեսի` Հայաստանն ու սփիւռքը ներկայացնող յայտնիները, ինչպէս նաեւ ժամանցային ոլորտի ապագայ աստղերը:

Կ՛ընդգծուի, որ Pan Armenian Entertainment Awards-2016-ի նպատակն է խրախուսել հին եւ ժամանակակից մշակոյթներու ու պատմութեան պահպանումը` սերունդներու միջեւ կամուրջներ կառուցելով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ