20 նոյեմբերին Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԹՄՄ-ի «Պիկ Պէնտ» երաժշտական խումբի համերգը: ԹՄՄ-ի «Պիկ Պէնտը» այս տարի հանրութեան պիտի ներկայանայ նոր երգացանկով եւ նոր երգիչներով: Համերգին պիտի ներկայացուի նաեւ դասական երաժշտութեան փունջ մը՝ ժամանակակից գործիքաւորմամբ, որ պիտի կատարէ լիբանանցի նշանաւոր սոփրանօ երգչուհի մը:
Նուագախումբին միացած են նոր անդամներ՝ Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն: Խումբին ղեկավարն է երաժիշտ՝ Վիգէն Չալեանը:
Նշենք, որ նախորդ տարի ԹՄՄ-ի «Պիկ Պէնտ»ը հանդէս եկած էր իր անդրանիկ ելոյթով, եւ անոր գործունէութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ: