Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ հիւրընկալուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի կողմէ։ Յունաց Պատրիարքին կ՚ուղեկցէր Թորոս Ալճանի նախորդող՝ Լաքի Վինկասը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ պատուեց «KEY Plaza»-ի երդիքին տակ գտնուող Թորոս Ալճանի գրասենեակը։ Ի յիշատակ այս այցելութեան, ան Թորոս Ալճանին նուիրեց արծաթեայ ափսէ մը։
Ալճանի գրասենեակի հաղորդումներով, ջերմ զրոյցի ընթացքին արծարծուած են ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու առկայ խնդիրները։
Աղբիւր ՝ «Ժամանակ»/Պոլիս