Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» ծրագիրը

Կրթութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկրի մէջ առաջնային ոլորտներէն մէկն է: Սակայն, ցաւօք, նիւթական խնդիրներու պատճառով շատ երեխաներ զրկուած են նուազագոյն կրթական ծրագիրէն: 2010 թուականէն սկսած բարերարներու շնորհիւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» ամենամեայ ծրագիրը եւ կ’օժանդակէ առաւել անապահով երեխաներուն ստանալու անվճար դասագիրքեր:

Ծրագիրը կ’իրականացուի նուիրատուութիւններու շնորհիւ, որոնք մասնաւորապէս կ’ապահովուին Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի կողմէ Մեծ Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքներու միջոցով, կը յայտնեն Թէքէեան կեդրոնէն:

2016-2017 ուսումնական տարուան մէջ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը 2,407 անվճար դասագիրք տրամադրած է 156 անապահով աշակերտի Երեւանէն, Գիւմրիէն, Ստեփանաւանէն եւ Կարբի գիւղէն, ատով իսկ մեղմելով ընտանիքներու նիւթական հոգը: Իսկ ծրագրի իրականացման եօթ տարիներու ընթացքին ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է 16,519 դասագիրք 9,050,961 ՀՀ դրամ արժողութեամբ:

Հիմնադրամը նպատակ ունի ընդլայնել ծրագիրը, ուստի կը hայցէ եւ կ’ակնկալէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու տեւական համագործակցութիւնը ու օժանդակութիւնը անապահով ընտանիքներու երեխաներուն:

Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել`

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ

/ՀՀ, Երեւան 0025, Խանջեան 50/
բրամատուն` «Ամերիաբանկ» ՓԲԸ
դրատնային հաշիւ` 15700 22679770200 (ՀՀ դրամ)
SWIFT / BIC: ARMIAM22

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման հայրենանուէր գործին աջակցելու համար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ