Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Այսօր Միացեալ Նահանգներ կ՛ընտրէ իր նախագահը

Այսօր միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Միացեալ Նահանգներու վրայ, ուր տեղի կ՛ունենայ նախագահական ընտրութիւն: Ինչպէս պարզ է, Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն է նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, իսկ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն` միլիառատէր Տանըլտ Թրամփ:

Քլինթըն իր ընտրապայքարը պիտի աւարտէ Ամերիկայի ժամանակացոյցով կէս գիշերին` Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ «Դուրս եկէ՛ք քուէարկելու» խորագիրով արշաւով մը: Թրամփ ուղղուեցաւ Ֆլորիտա, Հիւսիսային Քարոլայնա եւ Ֆիլատելֆիա եւ իր ընտրապայքարը պիտի աւարտէ Միչիկընի Կրանտ Ռափիտզ շրջանին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքով մը:

Երկրին այն նահանգներուն մէջ ուր վաղաժամ քուէարկութիւնը արտօնուած է, արդէն շուրջ 42 միլիոն քաղաքացիներ քուէարկած են:

Մրցանշային վաղաժամ քուէարկութիւն արձանագրուած է սուր մրցակցութեան թատերաբեմ եղող նահանգներու` Ֆլորիտայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի եւ Նեւատայի մէջ:

Նշենք, որ 2012-ի նախագահական ընտրութեան մասնակցած էին 126 միլիոն քուէարկողներ:

Միւս կողմէ, գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցները Նեւատա նահանգին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին շտապեցին ամպիոնէն հեռացնել Թրամփը` կարծելով, որ անոր կեանքը վտանգուած է:

«Տը Տէյլի Մէյլ» կը նշէ, որ ծառայութեան աշխատակիցներուն կասկածելի թուացած է հաւաքի մասնակիցներէն մէկը` 33-ամեայ Օսթին Քրայցը, որ Թրամփի մրցակիցի աջակիցներէն է: Ներկաներէն մէկը խուճապային իրավիճակ ստեղծած է` պոռալով, որ Քրայց զինուած է: Այս լսելով` անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն մէկ մասը նետուած են ամպիոն եւ շուտով հեռացուցած Թրամփը, իսկ միւսներն ալ գետին տապալած են ենթադրեալ յանցագործը:

Կը նշուի, որ Քրայցի եւ դէպքի վայրի խուզարկութեան ընթացքին զէնք չէ յայտնաբերուած: Քրայց ըսած է, որ իր մօտ «Հանրապետականները ընդդէմ Թրամփի» գրութեամբ պաստառէն զատ ոչինչ եղած է:

Նշենք, որ «Էյ. Պի. Սի. Նիուզ»-ի եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Քլինթըն 4 տոկոսային կէտով կը գերազանցէ Թրամփը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ