Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիա «Աքոյու» հիւլէական կայանը գործածութեան պիտի դնէ 2023-ին

Անգարա (Reuters)- Թուրքիան կ’ակնկալուէ, որ 2023–ի վերջը «Աքոյու» հիւլէական կայանի  ուժանիւթի առաջին միաւորը գործի կը դրուի: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Անգարան մտադիր է այս կայանի ստեղծման տրամադրել 20 միլիառ տոլար՝  Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաքի կողմէ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնաժողովին ներկայացուած ցուցակին համաձայն:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ալպայրաքի ներկայացուցած նոյն ցուցակին մէջ, Թուրքիոյ կողմէ  Սեւ ծովու արեւմտեան կողմի խոր ջուրերուն մէջ, 2018-ին նաւթային հոր փորելու ծրագիրը կայ:

Նշենք, որ «Աքոյու» կայանը առաջին թրքական հիւլէական կայանն է, որ կը կառուցուի Ռուսաստանի հետ համագործակցութեամբ: Կայանի հիմնադրումը արագացաւ, մասմաւորապէս երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումէն ետք:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ