Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան հանդիպած է Ապու Տապիի թագաժառանգ Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 նոյեմբերին պաշտօնական այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: 

Այցի ծիրէն ներս նախագահը զրոյց ունեցած է Ապու Տապի էմիրութեան թագաժառանգ, շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանի հետ: Նախատեսուած են նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Այցի շրջանակին նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ ԱՄԷ ներդրումային եւ զարգացման ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:

Հայ-էմիրաթական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու արդիւնքներով պիտի ստորագրուին երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ու փոխգործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ