ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 նոյեմբերին պաշտօնական այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Այցի ծիրէն ներս նախագահը զրոյց ունեցած է Ապու Տապի էմիրութեան թագաժառանգ, շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանի հետ: Նախատեսուած են նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Այցի շրջանակին նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ ԱՄԷ ներդրումային եւ զարգացման ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:
Հայ-էմիրաթական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու արդիւնքներով պիտի ստորագրուին երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ու փոխգործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: