Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ, 13 Նոեմբերին, ստորագրած հրամանագրով մը, ծառայողական պարտականութիւնները կատարած ժամանակ զոհուած զինծառայող Վարդան Առաքէլեանին յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական Ծառայութիւն» մետալով։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։
Յիշեցնենք, որ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, երէկ, 13 նոյեմբերի ժամը 02:15-ի կողմերը մահացու հրազինային վիրաւորում ստացած է 1995թ.ի ծնունդ զինծառայող Վարդան Յովհաննէսի Առաքէլեան: