Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը (ՀԱՀԽ-ը) իր լիանիստ ժողովը գումարեց Հէվըրթաունի Նահատակաց Ժողովական Եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 20-21, 2016-ին:
ՀԱՀԽ-ը խորհրդակցութեան նիւթ ըրաւ հետեւեալ նիւթերը.-
1. Վերատեսութիւն Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170-ամեակի տօնակատարութեանց: Ժողովը վերատեսութեան ենթարկեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւնները, ինչպէս նաեւ համահայ Աւետարանական Հովիւներու համագումարը։
2. Երկխօսութիւն Էջմիածինի հետ: ՀԱՀԽ-ի եւ Մայր Աթոռ Էջմիածինի միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան մասին տեղեկագրուեցաւ եւ որոշուեցաւ որ կողմերը շարունակեն երկխօսութիւնը։
3. ՀԱՀխ-ի Գրասենեակը Երեւանի Մէջ: Տեղեկացուեցաւ որ դիւրահաղորդակցութեան համար ՀԱՀԽ-ի յատուկ գրասենեակ մը հաստատուած է Աւետարանչականի Ընկերակցութեան Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ համաձայն՝ Գործադիր Յանձնախումբի նախապէս առնուած որոշումին:
4. Համակերպ «Կարգ Պաշտամունքի»: Նկատի ունենալով որ հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու «Պաշտամունքի կարգ»ին մէջ զանազանութիւններ կան, յանձնարարուեցաւ որ հայ Աւետարանական հովիւներ, քարոզիչներ եւ կրօնական գործիչներ հետեւին ՀԱՀԽ-ի կողմէ պատրաստուած Հովուական Ձեռագիրքին: Նմանապէս խորհրդածութեանց նիւթ եղաւ հայ Աւետարանական եկեղեցիներու պաշտամունքի մէջ երգեցողութեան հարցը: Յանձնարարուեցաւ որ թէեւ արդի նոր հոգեւոր երգերու գործածութիւնը ընդհանրացած է կարգ մեր եկեղեցիներու մէջ, պէտք է շեշտել կարեւորութիւնը հայ աւետարանական աւանդական հոգեւոր երգերու:
5. Մամուլի հաղորդագրութիւն: Ժողովը որոշեց որպէս հաղորդագրութիւն հետեւեալ երկու այժմէական նիւթերը յանձնել հայ մամուլին, որոնք աղերս ունին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեայ տարեդարձի եւ Հալէպահայութեան փոթորկալի կացութեան հետ.-
«Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) Հանրապետութիւնը եւ Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տօնեցին իրենց անկախութեան 25-ամեայ տարեդարձը:
Պատմական այս նշանակալից հանգրուանին, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ հայոց զոյգ հանրապետութիւններուն՝ մաղթելով անոնց նոր նուաճումներով լի ցնծման տարիներ: ՀԱՀԽ-ը միանգամայն կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը նեցուկ կենալու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան պահպանումին եւ բարգաւաճումին»:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպահայութեան դժբախտ կացութեան մասին, ժողովը ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.-
«Աւելի քան հինգ տարիներէ իվեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հալէպահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստները մեծ ցաւ կը պատճառեն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին, որուն անդրդուելի յանձնառութիւնն է վերաշինել մեր եկեղեցական եւ մշակութային կառոյցները: Իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիահայութեան արտագաղթին, ՀԱՀԽ-ը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը օժանդակելու անոնց, որոնք որոշած են մնալ իրենց բնակած վայրերուն, մէջ կամ որոշած են գաղթել Հայաստան:
Մինչ այդ մեր աղօթքը այն է որ Աստուած խաղաղութիւն շնորհէ տագնապալի Միջին Արեւելքի երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Հալէպահայ գաղութի մեր սիրելի հայրենակիցներուն»:
6. Դիւանի Ընտրութիւն: Խորհուրդի երկամեայ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ եւ հետեւեալ անձերը ընտրուեցան 2017-2018 տարեշրջանի համար.- Վեր. Պերճ Ճամպազեան՝ Նախագահ, Վեր. Ժօէլ Միքայէլեան՝ Փոխ-նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ Ատենադպիր, Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Գանձապահ, եւ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ Գործադիր Տնօրէն։
Վեր. Վահան Յ. Թութիկեան
Գործադիր Տնօրէն, ՀԱՀԽ-ի