Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Զրոյց ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու վարչութեան ատենապետ Տիար Արամ Ակինեանին հետ

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու «Երեկոյ մը մտաւորականութեան հետ» հանդիպումին՝

Արցախեան հարցի քննարկում՝ ռուսական եւ ամերիկեան տեսանկիւններէ դիտուած

Մեր զրուցակիցն է Ասպետներու ատենապետ՝ Տիար Արամ Ակինեան

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ասպետներու Համախմբումը, որ յառաջիկայ Ուրբաթ, 18 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Սքիրպոլ Սենթըր»ի մէջ կազմակերպած է «Երեկոյ մը մտաւորականութեան հետ» արդէն աւանդութիւն դարձած դասախօսութիւն-զրոյց-հանդիպումը հայ կամ ոչ-հայ պատմաբանի մը, դիւանագէտի մը կամ քաղաքական գործիչի մը հետ, նիւթ ունենալով ազգային մեր գերագոյն խնդիրներէն Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի տնտեսական թէ քաղաքական այսօրուան կացութիւնը, Արցախը եւ հայութիւնը յուզող այլ թեմաներ։

Այս առիթով, զրուցեցինք ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու վարչութեան ատենապետ Տիար Արամ Ակինեանին հետ։

– Պրն. Ակինեան, նախ երկու խօսք մեր ընթերցողներուն ՀԲԸՄ-ի 89-րդ ընդհանուր ժողովի ձեր տպաւորութիւններէն։

– Շնորհակալութիւն։ Այո, շատ տպաւորիչ օրեր ապրեցանք Նիւ Եորքի մէջ, Հոկտեմբերի վերջին շաբաթավերջին, ուր մասնակցեցանք ՀԲԸՄ-ի 89-րդ ժողովին եւ այդ առիթով կազմակերպուած միւս հանդիպումներուն, որոնց կարգին՝ հանդիպում Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Նշեմ, թէ Լոս Անճելըսէն աւելի քան յիսուն միութենականներ ժամանած էին Նիւ Եորք, որոնց 30-ը Ասպետ-Ասպետուհիներն էին։

Երբ ՀԲԸՄ-ի ծրագիրները եւ հայութեան առջեւ դրուած հարցերը դուրսէն, վերէն կը դիտես, կը տեսնես, թէ որքա՜ն մեծ աշխատանք տարած է մեր կազմակերպութիւնը եւ դեռ՝ նոր-նոր ծրագիրներ կը մշակէ, հայութեան այսօրուան պահանջքներուն եւ կարիքներուն հասնելու համար։

Շատ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձանք Լոս Անճելըս։

– Շատ բարի։ Խօսինք Նոյեմբեր 18-ի միջոցառումին մասին։ Թեման Արցախն է այս տարի. ինչո՞ւ։

– Ապրիլեան հակամարտութիւնը եւ բախումները բնականաբար ազդեցին բոլորիս վրայ եւ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներս ալ երբ կը ծրագրէինք այս երեկոն, բոլորս ալ համակարծիք էինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի կամ Արցախի վրայ է որ պէտք է կեդրոնանանք այս տարի։ Յիշենք, որ Ապրիլին մենք մեծ թիւով զոհեր տուինք, պատերազմ էր։ Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ մենք՝ հայերս, երբեմն մեր պատմութեան մանրամասնութիւններուն լաւ ծանօթ չենք։ Լաւ կ՚ըլլայ, որ այս առիթով, ոչ միայն խօսինք այսօրուան մասին, այլ՝ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Արցախը այդպէս ալ մաս չկազմեց Խորհրդային Հայաստանին։

– Պրն. Ակինեան, ովքե՞ր են այս տարուան հիւր դասախօսները։

– Առաջինը՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընզն է, որ հեղինակաւոր դիւանագէտ մըն է։ Ան յայտնի է նաեւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր հայամէտ դիրքորոշումով։ Էվընզ վերջերս կը գտնուէր Արցախ եւ քաջածանօթ է վերջին զարգացումներէն։

Երկրորդը՝ երիտասարդ ռուս պատմաբան ու քաղաքագէտ Փրոֆ. Սերկէյ Մարքետոնովն է, որ վերջին տասը տարիներուն այցելած է Արցախ. Մոսկուայի մէջ համալսարանի դասախօս է եւ մասնագիտացած է Ռուսիոյ կովկասեան հանրապետութիւններու եւ յետ-խորհրդային խնդիրներու մէջ։

– Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ երկու հիւր դասախօսները իրենց սեփակա՞ն կարծիքով  հանդէս պիտի գան, թէ պիտի ներկայացնեն երկու մեծ պետութիւններու տեսակէտները Արցախի նկատմամբ։

– Բնականաբար, ներկայ պէտք է գտնուիլ Նոյեմբեր 18-ի երեկոյեան, որպէսզի պատասխանը ստանանք ձեր հարցումին. սակայն, միւս կողմէ, կը վստահեցնեմ, որ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ լսել երկու հիւրերուն կարծիքը եւ դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի թնճուկը  ինքնորոշմա՞ն ճամբով, թէ այլ ձեւով լուծելու մասին։ Աւելցնեմ, որ հիւրերուն կարծիքը կրնայ մօտիկ գտնուիլ կամ հակառակը՝ ամերիկեան կամ ռուսական պաշտօնական դիրքորոշումներուն։

Կը սպասուի հետաքրքրական հանդիպում մը, որ պիտի վարէ եւ համադրէ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու նախկին ատենապետ Տիար Գուրգէն Պէրքսանլար։

– Շնորհակալութիւն Պրն. Ակինեան այս շահեկան զրոյցին համար։ Իսկ մենք կը հրաւիրենք Լոս Անճելըսի մեր հայրենակիցները Skirball Cultural Center, Ուրբաթ, 18 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, ներկայ գտնուելու ուսանելի այդ հանդիպումին. հասցէն՝ 2701 N. Sepulveda Blvd., Los Angeles, CA 90049։ Մուտքը՝ ազատ։

 

Զրոյցը վարեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ