Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Մասնակցի՛նք Արցախահայութեան նուիրուած դրամահաւաքին

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

ՄԱՍՆԱԿՑԻ՛ՆՔ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻՆ

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ՚ուղղէ իր համայն անդամաշարքին, համակիր շրջանակներուն եւ առհասարակ հայութեան, որպէսզի Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին իւրաքանչիւր հայորդի իր կարողութեան սահմաններուն մէջ մասնակցի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ դրամահաւաքին։

Ապրիլ 2016-ն արթնութեան հրաւէր մըն էր համայն հայութեան համար, որպէսզի միշտ պատրաստ գտնուինք հակառակորդին անպատասխանատու քայլերուն դիմաց։ Ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ հերոսական Արցախի սահմանակից գիւղերու ու աւաններու բնակարանները կարիքը ունին ընդգետնեայ ապաստարաններու, թաքստոցներու. հիւանդանոցները՝ առաջին օգնութեան պարագաներու, դեղերու, ինչպէս նաեւ խստօրէն կարիքը կը զգացուի վրաններու, քնապարկերու, շարժական խոհանոցներու եւ բազմաթիւ առաջին անհրաժեշտութեան իրերու։

Արցախահայութեան անվտանգութիւն Հայաստանի անվտանգութիւն կը նշանակէ, եւ՝ փոխադարձաբար։

Սիրելի հայորդի,

Մասնակցի՛նք 19-րդ Թելեթոնին եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով մեր լուման բերենք հայրենապաշտպանութեան սրբազան գործին։ Հայ Դատի այսօրուան հրամայականը ազատագրուած մեր Արցախի պաշտպանութիւնն է. ժա՛մն է գործի. օ՛ն։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

21 Նոյեմբեր 2016

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ