Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերսամեան գաղափարախօսութիւնը եւ «ռուսական վտանգը»

Համաշխարհային գետնի վրայ ինչ որ կը կատարուի այսօր Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այնքան ալ յուսատու չի թուիր ամբողջ աշխարհի, այդ տարածաշրջանին եւ մեր փոքրիկ հանրապետութեան համար։ Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին տիրապետող իշխանութիւններ՝անցեալին թէ այսօր եղած են Հայաստանի դրացի, գործընկեր եւ մրցակից։ Ներկայիս, երբ տակնուվրայ են այդ զոյգ երկիրները, անհանդարտ են Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան քրտական շրջանները, անգամ մը եւս սառցարանին մէջ թարմացուած կը պահուի ղարաբաղեան թղթածրարը, եւ քաղաքական-դիւանագիտական գետնի վրայ կը տիրէ մեծ անորոշութիւն մը Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրութեամբ՝ մեծ հարցականի տակ կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԼՂՀ-ի ապահովութիւնը։

Ո՞վ կրնար քանի մը տարի առաջ գուշակել պատմական Հալէպ քաղաքին այսօրուան ճակատագիրը։ Ազգային դիտանկիւնէն աղէտ մըն է Սուրիոյ քայքայումը մեզի համար։ Պատմական մեր հողերէն դուրս քշուելէն ուղիղ դար մը ետք կը պարպուի, կը դատարկուի, կ՚ամայանայ Հալէպը, Քեսապը, քարուքանդ են Տէր Զօրն ու Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողները, իսկ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան հայաշատ աւանները այսօր քրտական իշխանութեան տակ կը գտնուին։ Իրաք եւ իրաքահայութիւնը ինչ որ տեսաւ անցնող մէկուկէս տասնամեակին, ներկայիս նոյնը Սուրիոյ մէջ կը կատարուի աւելի վայրագ, աւելի անմարդկային, աւելի անխիղճ կերպով՝ տրամանաբանութեան բոլոր սահմանները գլել-անցնելով։ Մայրաքաղաք Դամասկոսը եւ Լաթաքիան եթէ յարաբերաբար այսօր աւելի ապահով վիճակ մը կը պարզեն, այդ չի նշանակեր, թէ հոն ամէն ինչ կարգին է։

Կորսնցուցինք Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր հողերուն մօտիկ ապրելու իրականութիւնը. բան մը, որ ցաւով է որ կ՚արձանագրենք։

Պաղ պատերազմն է, որ կը շարունակուի՝ տաք-տաք… ։ Արեւմուտք եւ «ռուսական վտանգ»։ Սուրիան պատառ-պատառ կը դառնայ երէկուան յայտնի եւ անյայտ պետութիւններու եւ նորածին կազմակերպութիւններու, ուժերու, թեւերու միջեւ։  Իրօ՞ք Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը ձեռք պիտի երկարէ Ռուսիոյ, միասնաբար պատժելու համար բոլոր անոնք՝ որոնք կը փորձեն իրենց շահաբաժինը վերցնել այս խառնաշփոթին մէջ։

Երբեմն կը ստիպուինք մտածելու, թէ որքան բախտաւոր ենք, որ Հայկ նահապետ քարքարոտ մեր լեռնաշխարհը ընտրեց օրպէս օրրան, ուր ոչ բնական կազ կայ, ոչ քարիւղ… Վաղը, եթէ Իրանն ալ աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուի այս խաղին մէջ, Իրանի հիւսիս-արեւմուտքի քիւրտերն ալ դրօշակ պիտի պարզեն, իսկ հիւսիս-արեւելքի Ատրպատական նահանգի ազգաբնակչութիւնը  պիտի ուզէ միանալ իր «եղբօր»՝ Ատրպէյճանին։ Այս բոլորին ի տես, Հայաստանը, որպէս քրիստոնեայ փոքր հանրապետութիւն մը այդ տաք կրակին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ իր գոյութենականութիւնը, եթէ ոչ շարունակելով վայելել «ռուսական վտանգը» եւ անոր «ապահովութիւնը»։

Հրաշքի համազօր փրկութիւն պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովութիւնը ինչ գինով որ ալ ան տեղի ունենայ։ Միամտութի՞ւն է յուսալ, թէ Արեւմուտքը եւ Ռուսիա, երկուքն ալ պիտի ուզեն Հայաստան մը պահել քարտէսին վրայ, տալով «փոքրիկ դաշնակիցի» վկայական… անցեալի փորձը ցոյց կու տայ, որ կարելի չէ վստահիլ ոչ մէկ ուժի, կողմի ու թեւի։ Բայց, միաժամանակ, աւելո՞րդ է մտահոգուիլ, որ Ստեփանակերտին ու Երեւանին, Գիւմրիին եւ Էջմիածինին պիտի չսպառնայ Հալէպի ճակատագիրը։ Արցախեան թնճուկը պատրաստի ական է, որ Արեւմուտքն ու Ռուսիան կրնան պայթեցնել որեւէ մէկ պահու։

***

Վտանգը Արեւմուտքէ՞ն պիտի գայ, Հիւսիսէ՞ն, թէ՝ ներսէն։

Հինգ տասնամեակ առաջ, հայոց Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցի շրջագիծէն ներս, ցուրտ պատերազմի օրերուն, ռամկավար-ազատական մեծ գաղափարախօս Գերսամ Ահարոնեան, որուն ծննդեան 100-ամեակը կը նշենք այս ամիս, որպէս խմբագրապետը Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի, յստակօրէն եւ առանց այլեւայլի Խորհրդային Հայաստանի փրկութիւնը կը տեսնէր ռուսական արեւելումին մէջ։ Վերջակէտ։

Այսօր, թէեւ չկայ Խորհրդային Միութիւնը, սակայն ռուսական ներկայութիւնը ակնյայտ է Հայաստանի մէջ, ըլլայ ան ռազմական, տնտեսական, թէ քաղաքական տեսակէտով։ Հայաստանի այսօրուան կառավարութիւնը բազմաթիւ թելերով կախեալ է Ռուսիայէն։ Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանը կը պահէ առողջ եւ ողջմիտ քաղաքականութիւն։

Թրամփ-Փութին մերձեցում մը կրնա՞յ շահեկան ըլլալ հայերուս համար։ Սակայն, եկէք ջուրը չտեսած չբոպիկնանք։ Հակառակը նոյնքան վտանգաւոր է՝ անտեսումը Հայաստանի եւ Արցախի, քարիւղի բոյրէն հարբած ու մոլորածներու կողմէ։

Գերսամ Ահարոնեան պատմաբանն ու խմբագիրը մեզի կտակեց տէրը մնալ մեր հողերուն, առկայծ պահել պահանջատիրութեան կրակը, չմոլորուիլ թուրքին խօսքերէն եւ հաւատալ, հաւատա՛լ սեփական ուժին։

Այսօր երախտագիտութեամբ կը յիշենք Գերսամ Ահարոնեանը եւ անոր կատարած Գործը՝ սփիւռքահայ սերունդներուն տալով քաղաքական միտք եւ մտածողութիւն։

Ժամանակն է, որ ընկեր Գերսամ Ահարոնեան անձը եւ անոր կատարած հսկայական աշխատանքը ըստ արժանւոյն գնահատուի հայրենիքի մէջ։

Իսկ մենք՝ մնանք իրատե՛ս եւ մի՛շտ պատրաստ՝ քաղաքական եւ ռազմական ճամարտակումներու դէմ։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ