Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ ԱՄՆ-ու մէջ թրքական լոպիին գլխաւոր սպասաւորը ներքին գործոց նախարար նշանակած է

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանգստեան կոչուած հրամանատար Մայքըլ Ֆլինը նշանակած է Ազգային ապահովութեան խորհրդական, որ եւրոպական չափանիշերով կը համապատասխանէ Ներքին գործոց նախարարի, յաւելեալ՝ լրահաւաք գործակալութեան պետի: Ֆլին կը նկատուի ԱՄՆ-ու մէջ թրքական լոպիին (Turkish-American Business Council) գլխաւոր սպասաւորը: Ենթական այն աստիճան բացայայտօրէն Թուրքիոյ եւ անոր իշխանութիւններուն պաշտպան մըն է, որ իր արտայայտութիւնները լուրջ բանավէճերու տուն տուած են ամերիկեան Գոնկրէսին մէջ: Արդարեւ ան Թուրքիան եւ Էրտողանը ռազմավարական կարեւոր դաշնակիցներ համարելով՝ յայտարարած է. «Չափէն աւելի կը մտահոգուինք քիւրտերով եւ այլ փոքրամասնութիւններով»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս երեւոյթը Թրամփի ուշադրութեան յանձնած է, բայց այնպէս կը թուի, թէ նախագահը կ՚անտեսէ այդ զգուշացումները: Այս առթիւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ըսէ, թէ «երկար ժամանակ հարկ չեղաւ տեսնելու համար՝ Թրամփի իր երախտիքը յայտնելը Թուրքիոյ, որ Ֆլինի միջոցով գանձատրեց իր ընտրապայքարը»: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚աւելցնէ նաեւ թէ թուրքեւամերիկեան ընկերակցութիւնները հրճուած՝ ներկայիս ալ կը պահանջեն, որ միջոցներ առնուին ԱՄՆ-ու հայկական եւ քրտական ընկերակցութիւններուն դէմ, զորս կ՚ամբաստանեն ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնելու յանցանքով: «Ֆլինի նման միջնորդով մը՝ այսուհետեւ ամէն ինչ կարելի է»,-եզրակացուցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
 
Լուրի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ