Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Սարքոզի քաղաքական կեանքէն հեռանալու մասին յայտարարութիւն ըրած է

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարած է, որ ֆրանսական աջակողմեաններու նախագահական թեկնածութեան նախընտրական առաջին փուլին Ֆիոնի տարած յաղթանակէն ետք ինք որոշած է հեռանալ քաղաքականութենէ: Այս մասին յայտնած է «Ֆրանս Փրէս»:

Նշենք, որ երէկ, 20 Նոյեմբերին տեղի ունեցած նախնական ընտրութիւններու առաջին փուլին, Ֆիոն առաջատար դիրք զբաղեցուցած էր, ձայներու 42.8%-ին տիրանալով, մինչդեռ Սարքոզի ստացած էր ձայներու ընդամէնը 24.4%-ը:

Սարքոզի յայտնած է նաեւ, որ երկրորդ փուլին պիտի քուէարկէ յօգուտ Ֆիոնի, կոչ ուղղելով իր համակիրներուն՝ երբեք զոհ չդառնալ քաղաքական ծայրայեղութիւններու:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ