Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Զրոյց Հիմնադրամի ԱՄՆ-ի վարչութեան նախագահ՝ Մարիա Միհրանեանի հետ

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 19-ՐԴ ԹԵԼԵԹՈՆԸ

«Այս տարի, այլ ծրագիրներու կողքին, առաւելաբար պիտի կեդրոնանանք Արցախի շտապ օգնութեան կառոյցներուն վրայ»

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24-ին, ԱՄՆ-ի Գոհաբանութեան օրը, ողջ աշխարհի մէջ ապրող հայութիւնը, որպէս մէկ եւ միասնական ժողովուրդի զաւակներ, ազգային հայրենասիրական բարձր գիտակցութեամբ, նիւթապէս եւ բարոյապէս պիտի մասնակցի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ դրամահաւաքին՝ ի նպաստ բազմակարօտ Արցախի Հանրապետութեան ծով կարիքներուն:

Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը աշխարհատարած հայութիւնը միացնող, նպատակասլաց գործերու մղող, ամբողջ հայութեան վստահութիւնը վայելող այն հաստատութիւնն է, որ արդարօրէն արժանացած է «Հայութեան ոսկի կամուրջը» մակդիրին:

19 տարիներու ընթացքին հաւաքուած գումարները, միջազգային մասնագէտ հաշուապահներու կողմէ քննուած են: Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ամէն քայլափոխին կը հանդիպիս Աստուածահաճոյ եւ օրհնեալ հիմնադրամի իրագործած ծրագիրներու: Ճանապարհներու, գիւղական կեդրոններու, փառաշուք դպրոցներու, հողամշակման մեքենաներու, ծնողազուրկ երեխաներու տուներու, կաթնարտադրութեան ընկերութիւններու, բնակչութեան յատկացուած յարկաբաժիններու, հիւանդանոցներու նորոգութիւններու եւ բազմաթիւ այլ բարիքներու: Ու դեռ հիմնադրամը կը շարունակէ իր օրհնաբեր գործունէութիւնը, շնորհիւ մեր ժողովուրդի առատաձեռն նուիրատուութեան եւ ապագայի հանդէպ ունեցած մեծ հաւատքին:

Այս առիթով, հարցազրոյց մը ունեցանք «Հայաստան» համհայկական հիմնադրամի ԱՄՆ-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահուհի Տիկին Մարիա Միհրանեանի հետ, այս տարուայ թելեթոնին առիթով: Յիշենք, թէ այս տարի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջանները միացած են մէկ կեդրոնական վարչութեան տակ, նախագահութեամբ Մարիա Միհրանեանի:

Մարիա Միհրանեան ծանօթ մըն է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ «Նոր Օր»ի մեր շրջանակին: Ծնած է Պարսկաստան: Ան Պարսկաստանի եւ ազգային կեանքի մէջ անուանի գործիչ՝ Եփրեմ Խանի ծոռն է: Ուսանած է Անգլիա եւ ԱՄՆ։ Փոքր տարիքէն նուիրուած է ամերիկեան շինարարական եւ քաղաքական գործերուն:

Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, Մարիա Միհրանեան իր եռանդուն աշխատանքին շնորհիւ ծանօթ անուն մըն է ամերիկեան գործարար շրջանակներու ու մանաւանդ շինարարական աշխարհի մէջ: Արժանացած է Լոս Անճելըսի գաւառային, Քալիֆորնիոյ նահանգի եւ ԱՄՆ-ի դաշնակցային կառավարութեան բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատանքներու: Մաս կր կազմէ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Cordova  աշխարհահռչակ շինարարական ընկերութեան Տնօրէն Մարմինին, որպէս  գլխաւոր ֆինանսական պաշտօնատար (Chief Financial Officer), բայց ասկէ վեր եղած է 2004-2008 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետուհի եւ այդ տարիներու թելեթոնի նախագահուհի, որ իր 19 տարիներու ամէնէն շատ գումարը կարողացած է գոյացնել, շնորհիւ Տիկին Միհրանեանի ձեռնհաս ղեկավարութեան:

«Այս տարի, ըսաւ Տիկին Միհրանեան, մեր թելեթոնը պիտի սփռուի Կլենտէյլի մէջ գործող ARTN հեռուստակայանէն, որ  կեդրոնական տեղ մըն է եւ San Fernando փողոցի վրայ է: Այս առիթով, Արցախէն պիտի ժամանեն թանկագին հիւրեր, յանձինս Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեանի, որ ծանօթ է Լոս Անճելըսի հայութեան, եւ մեր շատ սիրելի Արցախի թեմի Առաջնորդ՝ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան»:

            «Այս տարուայ թելեթոնը նպատակ ունի կառուցել եւ նորոգել Ապրիլի 1-5, 2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ չորսօրեայ պատերազմի ընթացքին ռմբակոծուած շրջաններու մէջ գտնուող տուներն ու կառոյցները, վերակառուցելով քանդուած դպրոցները», ըսաւ Տիկին Միհրանեան:

            Արցախին, Հայաստանին կամ Սփիւռքի որեւէ գաղութին օգնելով, հայութիւնը որպէս մէկ մարմին ինքզինքին օգնած կ՚ըլլայ:

            Տիկին Միհրանեան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան կարիքներուն խորապէս ծանօթ է եւ գիտէ, թէ որոնք են հայութեան առաջնահերթութիւնները: Որպէս շինարարական աշխարհահռչակ ընկերութեան ղեկավարներէն մին շատ լաւ գիտէ, թէ երկրի մը համար ի՛նչ կառոյցներ են կարեւոր ապրելու եւ գոյատեւելու համար:

            «Այս տարուայ թելեթոնով պիտի ամրապնդեն շտապ օգնութեան կառոյցները եւ կարիքները: Բոլորիս ծանօթ է, թէ որքան կարեւոր են Արցախ աշխարհի համար այսպիսի կառոյցները մեր ժողովուրդի ապահովութեան համար», աւելցուց Տիկին Միհրանեան:

            «Նմանապէս, այս տարի 12 ժամ լման Webcast-ի միջոցաւ, իսկ Քալիֆորնիոյ հարաւային, կեդրոնական եւ հիւսիսային շրջանները ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի Արեւելեան նահանգները քանի մը կայաններով պիտի սփռուի (12 ժամ) թելեթոնը: Նաեւ, կարելի է 1-800-888-8897 թիւին կապ պահել եւ հեռաձայնով ձեր նուէրը կատարել», եզրակացուց Տիկին Միհրանեան:

            Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24-ին բոլորս ժամադրուած ենք մեր յաւերժալոյս Արցախին, Հայրենիքին օգնութեան ձեռք երկարելու, եւ մեր սրտաբուխ նուէրները հասցնելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, որպէսզի օր առաջ ապահովենք մեր ժողովուրդի շտապ օգնութեան մարդասիրական կառոյցներու իրականացումը:

            Տեղին է յիշեցնել Չարենցի անմահ պատգամը. «Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:     

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ